Հայ ժողովուրդը, ինչպէս ամէն տարի, այս օրերուն յարգանքի տուրք կը մատուցէ սումկայիթեան եղեռնագործութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
Երեսուն եւ երկու տարիներ առաջ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ձայնը բարձրացուց յանուն սեփական իրաւունքներու եւ ազատութեան պաշտպանութեան: Քաղաքակիրթ եւ օրինական իւրաքանչիւր գործողութեան կը հետեւէր հայ ազգաբնակչութեան իրաւունքներու զանգուածային եւ համատարած ոտնահարում, բռնութիւն, կոտորած…
Ազերի ազգայնամոլներ, խաղաղ ցոյցերուն իբրեւ պատասխան, հայ բնակչութեան ջարդեր կազմակերպեցին Սումկայիթի մէջ` փետրուար 1988-ին, Պաքուի մէջ` յունուար 1990-ին եւայլուր: Կոտորածներուն զոհ դարձան հազարաւոր հայեր: Շուրջ կէս միլիոն հայեր բռնութեան տակ լքեցին իրենց բնակութեան վայրերը եւ գաղթեցին Հայաստան եւայլուր:
26-28 փետրուար 1988-ին Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ բնակչութեան դէմ բարբարոսական յարձակումներուն եւ խոշտանգումներուն պատճառով եղան հարիւրաւոր զոհեր:
Ազերի կառավարութիւնը ամէն գնով փորձեց ծածկել եւ խեղաթիւրել կատարուող յանցագործութիւնները: Լրատուական աղբիւրներ օրեր շարունակ լռութիւն պահեցին մարդկային այս ողբերգութեան առջեւ:
Միջազգային արձագանգը նոյնպէս շա՜տ շա՛տ հեռու էր բաւարար ըլլալէ: Փլուզուող Խորհրդային
Միութեան իշխանութիւնները կատարուածին չտուին համապատասխան գնահատական: Սակայն ճշմարտութիւնը բացայայտուելէ ետք Սումկայիթի կոտորածները ցնցեցին միջազգային հանրային կարծիքը:
Սումկայիթի մէջ հայերու դէմ բռնութիւնները փոխեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բնոյթը: Փաստօրէն 1988 թուականը անկիւնադարձային դարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան համար:
Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին պարտադրուեցաւ արեան գնով պաշտպանել ազատ ապրելու իրաւունքը: Սումկայիթի եղեռնագործութիւնը տարածուեցաւ ամբողջ Ազրպէյճանի տարածքին: Մայիս 1988-ին կազմակերպուեցաւ Շուշիի հայութեան տեղահանումը: Հայերու կոտորածներ տեղի ունեցան Պաքուի, Կիրովապատի (Գանձակի), Նախիջեւանի եւ այլ վայրերու մէջ: Ազրպէյճան անմիջապէս տնտեսական շրջափակում հաստատեց Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ` ծանր վնասի ենթարկելով Հայաստանի եւ Ղարաբաղի տնտեսութիւնները:
Ազրպէյճան առ այսօր դիմած է տնտեսական շրջափակման ամենադաժան ձեւերուն` արտաքին աշխարհէն մեկուսացնելով Հայաստանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը, արգելակելով սննդամթերքի, վառելանիւթի, առաջնային անհրաժեշտութիւններու ներածումը եւ տեղափոխութիւնը:
Յաջորդ տարիներուն Ազրպէյճանը փորձեց լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ ծաւալել Ղարաբաղի դէմ, սակայն չարաչար տապալեցաւ անոր նենգ ծրագիրը: Լեռնային Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ուժերը արժանի հակահարուած տուին Ազրպէյճանի բանակին: Ռազմաճակատներու վրայ պարտութիւնը ազերիներուն ստիպեց 12 մայիս 1994-ին Պիշքեքի մէջ զինադադար ստորագրել Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ:
Այսօր, Սումկայիթի կոտորածներէն երեսուն եւ երկու տարիներ ետք կը խոնարհինք Սումկայիթի անմեղ զոհերու, Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրութեան պայքարին ընթացքին նահատակուած ազատամարտիկներուն յիշատակին առջեւ: Համոզուած ենք, որ հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարուած յանցագործութիւնները, դաժանութիւնները եւ ոճիրները պիտի արժանան համապատասխան գնահատականի, եւ ամբողջ մարդկութիւնը դատապարտէ ազերիական բարբարոսութիւնները:
Ազրպէյճանը այսօր եւս կը շարունակէ խախտել Լեռնային Ղարաբաղի հետ հաստատուած զինադադարը, կը հրահրէ հայ ժողովուրդին հանդէպ ատելավառ մթնոլորտը: Ատելավառ այս մօտեցումը վերջերս դրսեւորուեցաւ Գերմանիոյ Տրեստեն քաղաքի օփերայի սրահներէն մէկուն մէջ, երբ ազերի երգիչ մը մերժեց հայ սոփրանոյի մը հետ ելոյթ ունենալ` պատճառաբանելով, որ վերջինս հայ էր… Միջազգային հասարակութենէն կ՛ակնկալուի դատապարտել այս երեւոյթը: Բայց ի վերջոյ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ: Բոլորս` համայն հայութիւնը հրճուանքով ըմբոշխնեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու 13 փետրուար 2020-ի Սուրիոյ խորհրդարանին որոշումը: Մեր դատը արդար է: Պայքարը պիտի շարունակենք, մինչեւ որ ցեղասպանը ընդունի յանցագործութիւնը եւ հատուցէ մեր ֆիզիքական, մշակութային, տնտեսական կորուստները: Մենք` հայ ժողովուրդի զաւակներս համոզուած ենք, որ միայն մեր հաւաքական կամքով եւ միասնական ուժով կրնանք զօրացնել մեր հայրենիքը` Հայաստանը, Լեռնային Ղարաբաղը եւ հայոց բանակը:
Կեցցէ՛ ազատ եւ անկախ Լեռնային Ղարաբաղը եւ յարգա՛նք մեր հերոս նահատակներուն անմար յիշատակին:
Կիրակոս Գույումճեան
Քուէյթ