Նոր պաշտօնիս բերումով ինկեր եմ գիրքերու աշխարհի մը մէջ ու չեմ ուզեր դուրս գալ: Այն դպրոցը, ուր հինգ տարիներէ ի վեր կը պաշտօնավարեմ, անցեալին որպէս արեւմտահայերէնի դասատու եւ առաւել աշակերտական թատրոնի բեմադրիչ, այս տարի ինծի յանձնեց գրադարանի արեւմտահայերէն գիրքերու պատասխանատուութիւնը, զոր ընդունեցի սիրով, քանի որ գիրքերու աշխարհը միշտ ալ հետաքրքրած է զիս ու մեծ սիրով մտած եմ այդ դիւթական աշխարհէն ներս:
Պատահած է, որ երկար վայրկեան կանգնիմ գրավաճառի մը ցուցափեղկին առջեւ ու չդիմանալով գայթակղութեան, մտնեմ ու գնեմ նոր հասած գիրք մը, ուրիշ կարեւոր բանի մը համար մէկ կողմ դրած գումարը տեղւոյն վրայ «զոհելով»:
Դպրոցի գրադարանը բաւական ճոխ է հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն գիրքերով, որոնց շարքին Հայաստանի մէջ տպուած արեւմտահայ գրողներու գործեր ալ կան, սակայն դժբախտաբար անոնք տպուած են աբեղեանական ուղղագրութեամբ, հայաստանաբնակ ընթերցողին մատչելի դարձնելու համար, բայց, իմ կարծիքով, այդ ձեւով աղաւաղուած են անոնք:
Ասոնցմէ անդին, գրադարանին մէջ գտայ բաւական պատկառելի քանակ մը արեւմտահայերէն գիրքերու, որոնք ժամանակին պատկանած են սփիւռքահայ մտաւորական, հեղինակաւոր անհատի մը, որուն մահէն ետք, անոր հարազատները ամբողջ գիրքերը նուիրած են մեր վարժարանին:
Անցայ աշխատանքի՝ խումբ-խումբ գիրքերը դարաններէն վար առնելով եւ ցուցակներ կազմելով: Ամենագրաւիչները հնատիպ գիրքերն էին, որոնք 100, 120, 140, մինչեւ իսկ 155 տարիներու հնութիւն ունէին: Անոնցմէ շատերուն թերթերը այնքան փտած էին, որ ձեռնելու կը վախնայի: Սկսայ մեծ հետաքրքրութեամբ թերթատել, եւ օրերու ընթացքին ամբողջ ժամեր անցուցի անոնց հետ: Կողքերն ու տիտղոսաթերթերը նկարեցի եւ կարգ մը գրասէր բարեկամներու ուղարկեցի, այն յոյսով որ գուցէ հետաքրքրէ զիրենք, սակայն ցարդ պատասխան չեմ ստացած:
Ես այս գրութեանս կը կցեմ անոնցմէ քանի մը հատին նկարը, որպէսզի ինծի նման ընթերցողներն ալ տեսնեն, թէ ինչքա՛ն չլսուած անուններ կան հեղինակներու, որքա՛ն տարբեր նիւթեր շօշափած են անոնք, որքան ստուար մտաւորական խաւ մը ունեցած ենք անցեալին, յատկապէս Պոլսոյ մէջ, ուր մեր խմբագրատուներն ու տպարանները ահագին գործ տեսած են ժողովուրդին տարատեսակ գրական գործեր մատակարարելով:
Մատենագրութիւն, գրականութիւն, տրամաբանութիւն, մանկավարժութիւն, բարոյախօսութիւն… ինչի ըսես չեն անդրադարձեր անոնք: Գիրքեր կան, որոնց վրայ յիշուած է «Երկրորդ, երրորդ, չորրորդ տպագրութիւն»… Այդ որքա՛ն ընթերցող ունեցած են, որ շուկայի պահանջքը գոհացնելու համար քանի մը անգամ հրատարակութեան տուած են գործ մը:
Ահա՛ քանի մը նմոյշ.
-«Սկզբունք Տրամաբանութեան», Ա. Մ. Վ. Գարագաշեան, Կ. Պօլիս, 1864
-«Ճաշակ Արդի Հայ Մատենագրութեան», աշխատասիրող Ա. Պիպէռճեան, Կ. Պոլիս, 1884
– «Մարդ Ըլլալու Միջոցը», Ա. Կ. Սէքլէմեան, Կ. Պոլիս, 1894
-«Աշխարհաբար Գործնական Քերականութիւն Եւ Շարադրութեան Տարրեր», հեղ. Ա. Կ. Պետիկեան: Կ. Պոլիս, 1898
-«Առաջին Ընթերցարան», Կ. Պոլիս, 1907
(Ինչպէս կը տեսնէք, Պոլիսը ոմանք օ-ով գրած են, իսկ ուրիշներ ո-ով)
Երբ կ’ըսենք որ մեր երրորդ Ոսկեդարը եղած է 19-րդ դարը, չափազանցած չենք ըլլար: Եւ տակաւին, նկատի առնել, որ այս բոլորը իրագործուած է օսմանեան իշխանութեան օրերուն: Արդեօք որեւէ յիշատակում կա՞յ տեղ մը, թէ քանի հատ եւ ինչ հայերէն գիրքեր տպուած են այդ օրերուն, եւ միեւնոյն շրջանին թրքերէն ի՛նչ եւ քանի՞ գիրք տպուած է: Չեմ կարծեր որ անոնք կրնան մրցիլ հայկականին հետ:
Երբ 1512-ին Յակոբ Մեղապարտ Վենետիկի մէջ հայերէն տառերով տպեց առաջին հայերէն տպագիր գիրքը՝ «Ուրբաթագիրք»ը, պարզապէս Կիւթենպերկի գիւտէն (1468) ընդամէնը 44 տարի ետք, Թուրքերը միայն 200 տարի ետք ունեցան տպարան ու տպագիր գիրք:
Գիրքը, եւ մասնաւորաբար տպուած գիրքը, չափանիշն է ազգի մը մտաւոր մակարդակին: Ընթերցասէր ժողովուրդ մը նախ աւելի գիտակ կ’ըլլայ, ապա բազմակողմանի զարգացում կ’ունենայ: Այնպէս որ շատ մը հարուստ հայեր, ինչպէս տպագրութեան գիւտէն առաջ՝ ձեռագիր, իսկ յետոյ ալ տպուած օրինակներ պատուիրած են ու բաժնած իրենց բարեկամներուն, որպէս թանկարժէք նուէր:
Եթէ նկատի առնենք, թէ առաջին գիրքի տպագրութենէն անմիջապէս ետք 16-րդ դարուն յաջորդող դարերուն որքան աճեցաւ տպուած գիրքերուն քանակը, պիտի զարմանանք, իսկ երբ թեւակոխենք 20-րդ դար եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ խորհրդային շրջանին տպուած գիրքերուն քանակին անդրադառնանք… գիրքեր, որոնք տասնեակ հազարներով կը տպուէին եւ մարդիկ օրերով հերթերու կը կանգնէին գիրք գնելու համար: Հայաստանի մէջ, քաղաք, գիւղ կամ տուն չկար, որ գրադարան չունենար:
Իսկ այսօր… ափսոս, կեանքի պայմանները ստիպած են, որ այդ գիրքերը հնավաճառներուն մօտ ծախու դրուին: Երեւանի «Վերնիսաժ»ի արեւմտեան կողմէն եթէ մտնէք, արդէն մայթէն սկսեալ ձեզի դիմաւորողները կ’ըլլան գիրքերու կոյտերը:
Այո, ոչ միայն կեանքի պայմանները, այլեւ ներկայ ճարտարագիտութեան արդիւնք եղող գիւտերը՝ համակարգիչը, համացանցը, բջիջային հեռախօսը, պատճառ դարձան, որ մարդիկ ընթերցանութեան փոխարէն, անոնցմով զբաղին: Սակայն եւ այնպէս, տակաւին կան շատ մարդիկ, որոնք ընթերցանութեան հաճոյքն ու բաւարարութիւնը ոչ մէկ բանի հետ կը փոխեն:
Ընթերցանութիւնը խթանելու ինչ-ինչ ձեւերու մասին կը մտածեն ու կ’օգտագործեն թէ՛ գրավաճառները, թէ՛ գրադարանները եւ թէ դպրոցները, ինչու չէ նաեւ՝ ակումբները, մրցումներու միջոցով, մրցանակներ շնորհելով, յաճախ անոնց մասին խօսելով ու դասախօսելով: Պէտք է խոստովանիմ որ, թէեւ Հալէպի, հաւանաբար նաեւ Պէյրութի հայկական ակումբները բոլորն ալ գրադարաններ ունին, անոնք սակայն, որոշ բացառութիւններ յարգելով, տարիներով «յաճախորդ» չեն ունենար ու փակ կը մնան դժբախտաբար: Թելադրելի է, որ սկաուտական եւ ուսանողական ղեկավար մարմինները հաւաքներու եւ բանակումներու առիթները օգտագործեն եւ գիրք կարդալու մղեն նոր սերունդը:
Իմ կարծիքով, վերոյիշեալ բոլոր միջոցներէն աւելի օգտակար կ’ըլլայ երեխաներուն փոքր տարիքէն գիրք նուիրելն ու կարդալու մղելը: Շատ ծնողներ սովորութիւն դարձուցած են իրենց մանուկներուն քնանալէ առաջ կէս ժամ գիրք կարդալը, հոգ չէ սկիզբը նկարներով կը զբաղին, յետոյ, երբ արդէն գրաճանաչ կ’ըլլան, կը սկսին կարդալ: Շրջան մը ետք, արդէն սովորութիւն կը դառնայ եւ երեխան ինք գիրք կը խնդրէ:
Այս սովորութիւնը կը շարունակուի մարդու կեանքի ամբողջ ընթացքին ու մարդիկ ընթերցանութեան մոլի կը դառնան: Մոլեռանդութիւնը վնասակար բան է ընդհանրապէս, սակայն ընթերցանութեան մոլի դառնալը միակ օգտակարն է:
Ընթերցանութեան տուած հաճոյքն ու օգուտը ուրիշ ոչ մէկ բան կու տայ:
Յակոբ Միքայէլեան
Աղբիւր- «Գանձասար Բացառիկ-2020»