Քանի մը օր առաջ, երբ դպրոցէն տուն կը վերադառնայի, ճամբան հանդիպեցայ սպիտակ մազերով, կապոյտ աչքերով, անուշիկ դէմքով ծերունիի մը: Ան ժպտաց ինծի եւ ըսաւ. «Այս օրերուդ արժէքը գիտցիր, դասերդ լաւ սորվէ: Ես ալ փափաքած եմ դպրոց յաճախել, բայց նեղ կացութեանս պատճառով առիթ չեմ ունեցած»: Այս ըսաւ եւ մտածկոտ ճամբան շարունակեց:
Մտածեցի ըսածներուն մասին եւ համոզուեցայ, որ իսկապէս բախտաւորութիւն է դպրոց յաճախելը, որովհետեւ դպրոցը մեզի առիթը կու տայ  զարգանալու, բարձր դիրքերու հասնելու, ճամբայ կը հարթէ մեր նպատակներուն հասնելու եւ երազանքները իրականացնելու համար:
Դպրոցին կողքին մեր ուսուցիչներն ալ մեծապէս կը նպաստեն մեր մտաւոր զարգացումին:
Դպրոցը առանց ուսուցիչին իմաստ չունի:  Մեծ բախտաւորութիւն է  ունենալ մեզ մօր նման սիրող, մեզ դէպի լոյսի ճամբան առաջնորդող ուսուցիչներ: Անոնք մեզի կու տան գիտելիքներու ծով  աշխարհին բանալիները, որպէսզի անսահման օգուտ քաղենք այդ աշխարհէն:

Իմ սիրելի՛ ուսուցիչներ, կը խոնարհիմ ձեր դիմաց եւ խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր սիրոյն եւ հոգածութեան համար:

Սիլվի Նարինեան
ԺԱ. Կարգ
Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարան