Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Արծուիկ Մինասեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինին կողմէ ՀՀ կառավարութեան ներկայացուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն տակ որդեգրուելիք նախաձեռնութիւններուն մասին առաջարկութիւններու փաթեթը ներկայացնելով յայտնեց, որ փաստաթուղթը իր մէջ կը ներառէ շուրջ 50 ծրագիր: Այս առիթով մամուլի ասուլիսի ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ այս իրավիճակին մէջ մեզի համար կարեւոր է ազգաբնակչութեան առողջութեան պահպանումը: Ան շտապ գործողութիւն է, որուն ուղղութեամբ իշխանութիւնները պարտաւոր են քայլեր ձեռնարկել, ոչ թէ մտածել քարացած իրավիճակի նման, թէ անհրաժեշտ է տարբեր ուղղութիւններով զարգացումներ ապահովել:
Ըստ Մինասեանի, եթէ բնակչութեան վտանգ կը սպառնայ, կը նշանակէ առաջին կարգին իշխանութիւնը պարտաւոր է այդ վտանգը կանխարգիլելու եւ երաշխաւորելու քաղաքացիներու գոյութիւնը:
Գերագոյն Մարմինի անդամը չփափաքեցաւ որոշ հարցեր մանրամասնել` մարդոց մօտ խուճապ տարածելէն խուսափելու համար:
Արծուիկ Մինասեան դիտել տուաւ, որ այս փաստաթուղթը ներկայացուած է նաեւ մեկնելով կառավարութեան ու վարչապետին` պսակաձեւ ժահրի տնտեսական հետեւանքներու մեղմացման նախաձեռնութիւններէն. «Այս առաջարկը ներկայացուած է այն նպատակով, որ կանխուի ոչ համաչափ գործողութիւնը, որ կառավարութիւնը կը մտածէ ձեռնարկել: Յատկապէս խօսքը դրամատուներուն լրացուցիչ տնտեսական աղբիւրներ տրամադրուիլն է, մարդոց օգնելու անունով, մինչ ճիշդ հակառակը տեղի կ’ունենայ: Օժանդակութիւնը պէտք է տրամադրուի մարդոց, ոչ թէ դրամատուներուն կամ տնտեսական միջնորդներուն», ըսաւ Մինասեան:
Որպէս երկրորդ կարեւոր հարց, ըստ Արծուիկ Մինասեանին, սնունդը, դեղորայքն ու վառելանիւթի պաշարները անհրաժեշտութիւն են, եւ ռազմավարական նշանակութեան մեր պաշարներու համալրման ուղղութեամբ պէտք է ամէն ջանք գործադրուի:
«Այս փաստաթուղթով կ’ակնկալենք, որ այդ պաշարներու համալրման առնուազն 6-ամսեայ վարչակարգ պէտք է ապահովենք, որպէսզի վստահ ըլլանք մեր քաղաքացիներու նուազագոյն կենսապայմանները երաշխաւորելու ուղղութեամբ: Միւս հարցը այս պահուան դրութեամբ դրամատուներն ու վարկային կազմակերպութիւնները տարբեր ձեւերով կը փորձեն մասնակցիլ գործընթացին, սակայն չկայ միասնական մօտեցում այս կազմակերպութիւններուն վարքագիծին մէջ` ի շահ վարկառու ձեռնարկութիւններուն կամ քաղաքացիներուն: Խօսքը նշուած վարկային կազմակերպութիւններուն անհամաչափօրէն վնաս պատճառելու մասին չէ, այլ այս արտակագ վիճակը կը պարտադրէ նաեւ արտակարգ նախաձեռնութիւններ: Վնասը պիտի կրեն բոլոր կողմերը: Պետութիւնը պէտք է իր աղբիւրները ուղղէ խոցելի խումբերուն` պաշտպանելու իրենց նուազագոյն կենսագոյութիւնը», յայտնեց դաշնակցական գործիչը:
Վերոնշեալին պատճառով է, ըստ Մինասեանին, որ ներկայացուած փաստաթուղթի առաջարկութիւններուն էական մասը կը վերաբերի քաղաքացիներուն եւ տնտեսվարող ղեկավարող իրաւունքներու պաշտպանութեան, որոնք անհրաժեշտութիւն ունին այս փուլին մէջ առնուազն անհամաչափ վնասներ կրելու:
«Յատկապէս կը վերաբերի աշխատող այն քաղաքացիներուն, որոնք այս արտակարգ դրութեան պատճառով չեն կրնար այցելել աշխատավայրեր, հետեւաբար, պետութեան պարտաւորութիւնն է երաշխաւորել այս մարդոց նուազագոյն կենսաապահովման պիւտճէն: Այս պարտաւորութիւնը ոչ միայն մնայ գործատուներուն եւ աշխատողներուն վրայ, այլ նաեւ պէտք է գործադրուի: Պետութիւնը, իբրեւ ընկերվարական պետութեան պատասխանատու, պէտք է շատ յստակ ցուցաբերէ իր մօտեցումը», ըսաւ Ա. Մինասեան:
Մինասեան յայտնեց, որ սկզբունքային նշանակութիւն ունի պետական պարտքի հարցը: Հայաստան ունի զգալի արտաքին պարտք, եւ արտակարգ դրութեան պայմաններով, նկատի ունենալով համավարակի համաշխարհային բնոյթը, իրենց յորդորն ու պահանջն է` սկսիլ նաեւ վարկատու կազմակերպութիւններուն հետ բանակցութիւններու գործընթաց` սառեցնելու արտաքին պարտքի գումարումը. «Սա ոչ միայն անհրաժեշտութիւն է, այլեւ միջազգային ընդունուած մօտեցում է: Սա կ’օգնէ երկրին մէջ պահելու մեր պաշարները եւ կարեւորագոյն հարցեր լուծելու», ընգծեց ՀՅԴ անդամը:
ՀՅԴ գործիչը նաեւ անդրադարձաւ կրթական համակարգին վերաբերող հարցերուն: Ըստ Մինասեանին, այս օրերուն տարբեր մօտեցումներ կը կիրառուին հանրակրթութենէն սկսեալ մինչեւ բուհական համակարգ` ընգծելով միատեղ ուսումնական հեռավար համակարգի ներդրումի անհրաժեշտութիւնը:
Երթեւեկի հարցերուն մասին խօսելու ատեն` Մինասեան կարեւոր համարեց ազգային փոխադրամիջոց ընկերութիւն ստեղծելը:
Մինասեան նաեւ կարեւոր համարեց քաղաքացիներուն այն գիտակցումը, որ այս օրերուն պէտք է հեռու մնալ տարբեր զինեալ ստորաբաժանումներ այցելութենէ, իսկ Զինեալ Ուժերու հրամանատարական կազմը պէտք է առաւելագոյնս ջանքեր գործադրէ, որպէսզի զօրքերը պահուին զօրանոցային վիճակին մէջ, եւ ելումուտ չըլլայ:
Գերագոյն Մարմնի անդամը յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնն ու իշխանութեան առանձին ներկայացուցիչները բարձր պատասխանատուութիւն պիտի ցուցաբերեն, ոչ թէ, ինչպէս մենք յաճախ կը տեսնենք, անպատասխանատու վարքագիծով կը փորձեն նսեմացնել նախազգուշացման եւ այլ նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը:
Մանրամասնութիւնները` տեսանիւթով