«Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ Իսթանպուլ քաղաքի տարբեր հիւանդանոցներէն 24 աշխատակից վարակուած է պսակաձեւ ժահրով:
Վարակուած բուժաշխատողներու ընդհանուր վիճակը լաւ է: Անոնցմէ մէկ մասը բժշկական վերահսկողութեան տակ է հիւանդանոցներու մէջ, միւս մասը` բուժման ընթացքի մէջ է տնային պայմաններով:
24 Մարտի դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուողներու թիւը կը կազմէ 1872, անոնցմէ 44-ը մահացած են: Վարակման առաջին պարագան հաստատուած էր 11 Մարտին: