Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուող 4 պարագաներ եւս արձանագրուած են։ Աղբիւրը յայտնեց, որ անոնք նախորդ շաբթուընէ արդէն կը գտնուէին Դամասկոսի Տուէր արուարձանի մեկուսացման կեդրոնը որպէս կասկածեալներ, եւ հաստատեց որ անոնք որեւէ անձի հետ շփում չեն ունեցած։
Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուողներուն թիւը կը հասնի 5-ի։