Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից Յանձնախումբի անդամները, յանձն առնելով ամէն զոհողութիւն, կը շարունակեն ծառայել ժողովուրդին։ Անոնք նախազգուշական անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն դիմելով, այս ամիս եւս Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահը ամսական օժանդակութեան բաշխումը կատարեցին։
Միւս կողմէ, ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութիւնը, Առողջապահական Յանձնախումբին հետ գործակցաբար, պատրաստեց քթակապեր և բժշկական թելադրանքներու թերթիկներ ու բաշխեց զանոնք նման դիմորդներու եւ ծառայութեան մէջ գտնուողներու, իսկ ՍՕԽ-ի Խնամատարական Յանձնախումբը շարունակեց ՀՕՄ-ի տարեցներուն «պնակ մը տաք ճաշ» տրամադրելու իր ծրագիրը, ժահրէն նախազգուշանալու բոլոր միջոցները ի գործ դնելով։