«Էրմէնիհապեր».-Օքսֆորտի համալսարանի կազմին մէջ ուսումնասիրութիւններ ընող Our World in Data կեդրոնը ցուցանիշ մը կազմած է, որ թոյլ կու տայ համեմատել տարբեր երկիրներու մէջ պսակաձեւ ժահրի տարածման արագութիւնը:
Ցուցանիշը կազմողները ելման կէտ ընտրած են տարբեր երկիրներու մէջ վարակակիրներու թիւը 100-ի հասնելու օրը, ապա դիտարկած թէ անոր յաջորդող օրերուն ինչ արագութեամբ աճած են վարակակիրներու թիւը: Այս պահուն արդէն հիւանդներու թիւով ԱՄն-էն ետք 2-րդ տեղը գտնուող Չինաստանին 10 օրուան մէջ վարակուողներու թիւը 100-էն հասած է 10 հազարի:
Չափանիշներէն մէկն է, թէ, որ երկրին մէջ որքան ժամանակուան մէջ կրկնապատկուած է վարակուողներուն թիւը: Այս ցուցանիշը կը տատանուի 2-էն 10 օրուան ընթացքին: Թուրքիան այն երկիրներէն է, ուր հիւանդներուն քանակը 2 օրուան մէջ 100-էն հասած է 200-ի, հետեւաբար Թուրքիան այդ երկիրներու շարքին մէջ առաջինն է:
Թուրքիոյ հետ այս ցուցանիշին մէջ նոյն տեղը կը գրաաւեն Չինաստանը, Հարաւային Քորէան, Իտալիան, Իրանը, Լիւքսեմպուրկն ու Դանիան: