«Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարար Ֆահրեթթին Քոջան յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ 26 Մարտին պսակաձեւ ժահրէն (Covid-19) մահացողներուն թիւը հասած է 75-ի:
Գրառման մէջ նախարարը յայտնած է, որ 24 ժամուան ընթացքին կատարուած 7.286 քննութեան արդիւնքով հաստատուած է վարակուելու 1.196 նոր պարագայ: Նոյն ժամանակահատուածին գրանցուած է վարակակիրներու մահուան 16 պարագայ:
Նախարարը նաեւ տեղակցուցած է, որ վարակակիրները եւ անոնց հետ շփում ունեցած մարդիկ մեկուսացուած են:
Քոջան քաղաքացիներուն զգուշացուցած է հետեւիլ պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարի համար իրականացուող նախաձեռնութիւններուն:
Այսպիսով, ըստ վերջին տուեալներուն, Թուրքիոյ մէջ կայ պսակաձե ժահրով հաստատուած 3․629 եւ մահուան 75 պարագայ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով հաստատուած առաջին պարագան գրանցուած էր 11 Մարտին: