«The Guardian» թերթը կը հաղորդէ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները դարձած է աշխարհի առաջին երկիրը, ուր պսակաձեւ ժահրով հաստատուած պրագաներուն թիւը գերազանցած է 100 հազարը: ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ ստորագրած է երկրի պատմութեան ընթաքին տնտեսական օգնութեան ամենախոշոր փաթեթի վերաբերեալ օրէնքը` 2,2 տրիլիոն տոլար արժողութեամբ օրինագիծը, որ նախատեսուած է աշխատողներուն եւ ձեռնարկութիւններուն տրուող դաշնային օգնութիւնը արագացնելու համար: