Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 27 Մարտին հեռավար ուսուցման կիրառումով, տեսակապի միջոցով երրորդ դասախօսութիւնը կարդացած է Երեւանի Մխիթար Հերացի անուան պետական բժշկական համալսարանի եւ Հայաստանի ազգային բազմարուեստական համալսարանի խումբ մը ուսանողներուն համար:

45 վայրկեան տեւողութեամբ դասաժամի ընթացքին մասնաւորապէս անդրադառնալով առողջապահութեան եւ ճարտարագիտութեան կապին, նախագահը ըսած է, որ պատմութեան ընթացքին այս երկու ճիւղերը միշտ գոյատեւած են միասին:
Չխախտելով աւանդոյթը` նախագահ Արմէն Սարգսեան, այս անգամ եւս տնային յանձնարարութիւններ տուած է ուսանողներուն: «Բժիշները պէտք է մտածեն եւ առանձին յօդուածի ձեւով ձեւակերպեն, թէ որո՞նք են մեր առջեւ ծառացած ամենամեծ մարտահրաւէրները, եւ երկրորդը, թէ ինչպէ՞ս կը տեսնեն Հայաստանի բժշկութեան զարգացումը», ըսած է նախագահը: «Ասոնք ընդհանուր թեմաներ են, սակայն կայ նաեւ երրրոդ թեման, որ շատ էական է: Եկէք այդ հարցը ձեւակերպենք հետեւեալ ձեւով` պահպանել եւ պաշտպանել բժիշկը: Եթէ վերցնենք պսակաձեւ ժահրի ստեղծած իրավիճակը, ամենամեծ հարցը բժիշկները պաշտպանելն է: Առանց բժիշկի կարելի չէ յաղթահարել այս ժահրը, սակայն եթէ բժիշկները սկսին վարակուիլ եւ հիւանդանալ, մեծ հարց պիտի ունենանք:
Ինչպէ՞ս կարելի է խուսափիլ: Մարդը հիւանդանոց հասնելու համար պէտք է ինչ-որ գործընթաց անցընէ, հաստատուի, որ ան հիւանդ չէ: Եթէ ան ունի այլ հիւանդութիւն, հիւանդանոցները պէտք է ունենան առանձին , բաժին որպէսզի բժիշկները, որոնք մեկուսացած են, երբ շտապօգնութիւնը բերէ հիւանդը, պարզեն` այդ մարդը վարակուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, այնուհետեւ ախտահանելէն ետք ձգեն, որ ան երթայ քլինիք: Կամ` քլինիքի բոլոր բաժինները պէտք է իրարմէ անջատ ըլլան, բժիշկները պահեն հեռաւորութիւն:
Ես կ’ուզեմ, որ դուք ներկայացնէք ձեր գաղափարները` «Պաշտպանենք բժշիկը» թեմայով: Իսկ պատսխանատուներուն հարցն է մտածել, թէ ճարտարագիտութիւնը ինչպէս կրնայ օգնել համաճարակներու դէմ պայքարիլ»:
Հանրապետութեան նախագահը յայտնած է, որ լաւագոյն աշխատանքներու հեղինակները կ’արժանանան նախագահական մրցանակի: