«Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ կը շարունակուին քննարկումները պսակաձեւ ժահրի հետեւանքներուն չէզոքացման նախաձեռնութիւններուն մասին:
Յատկապէս քննարկուած են ընկերային առանձին խումբերուն համար ստեղծուած իրավիճակի մեղմացման ուղղութեամբ հետագայ քայլերը, օժանդակութեան գործիքները եւ ձեւաչափերը: Ամփոփուած են նախորդ քննարկման ընթացքին արծարծուած գաղափարները, ներկայացուած են կառավարութեան կողմէ ընդունուած ընկերային աջակցութեան փաթեթի շահառուներու ընդլայնումին միտուած շարք մը առաջարկութիւններ:
Վարչապետը անդրադարձած է քաղաքացիներուն հետ իր ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին շօշափուած հարցերուն եւ արձանագրած, որ ներկայիս հրատապ աջակցութեան կարիք ունին պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով գործազուրկ դարձած քաղաքացիները, որոնք պէտք է ըլլան առաջնահերթ թիրախը: Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարած է պատասխանատուներուն` շարունակել միջգերատեսչական աշխատանքը ղեկավարուած գաղափարներու լրամշակման ուղղութեամբ եւ անոնց հիման վրայ Կիրակի օրը քննարկման ներկայացնել ընկերային աջակցութեան նախաձեռնութիւններու փաթեթի ընդլայնման, հասարակութեան առանձին շերտերուն օժանդակութեան տրամադրման նախագիծ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են նաեւ կառավարութեան կողմէ հաստատուած տնտեսական եւ գիւղատնտեսական աջակցութեան ծրագիրներու իրականացման կարգին վերաբերող հարցեր: