«Ասպարէզ»․- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ողջունեց պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարին համար Հայաստանին 1,1 միլոն տոլարի աջակցութիւն տրամադնելու Ուաշինկթընի որոշումը։

Ընդհանուր հաշիւով, Ուաշինկթըն 64 երկիրներու 274 միլոն տոլար պիտի յատկացնէ։
Նշենք, որ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիին յղուած նամակով մը, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան անցեալ շաբաթ կոչ ուղղած էր՝ Հայաստանին յաւելալ եւ անմիջական աջակցութիւն տրամադրելու, նպաստելու համար պսակաձեւ ժահրին դէմ Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութեան կողմէ մղուող պայքարին, որուն կ՛աջակցին նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը եւ ՀՕՄ-ը։
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շարունակէ իր ջանքերը Միացեալ Նահանգներու 2021-ի ամավարկին մէջ Հայատանին եւ Արցախին համար յատկանշական օժանդակութիւններ ապահովելու համար։