«Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարար Ֆահրեթթին Քոջան տեղեկացուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ պսակաձեւ ահրով մահացածներու թիւը 24 ժամուան ընթացքին աւելցած է` 37-ի` հասնելով 168-ի:
Ըստ Քոջայի հրապարակած տուեալներուն` անցնող օրը Թուրքիոյ մէջ եղած է հետեւեալ պատկերը.
Կատարուած է 11.535 քննութիւն, որմէ 1610-ը դրական եղած է, նոյն ժամանակահատուածին երկրին մէջ մահացած է 37 հիւանդ:
Այսպիսով մինչ այժմ Թուրքիոյ մէջ կատարուած է ընդհանուր առմամբ 76.961 քննութիւն, որուն հետեւանքով պսակաձեւ ժահր հաստատուած է 10.827 մարդու մօտ, մահացածներու ընդհանուր թիւը հասած է 168-ի, 725 հիւանդ կը գտնուի վերակենդանացման բաժինը, բուժուողներու թիւը կը կազմէ 162: