«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան հեռուստակապով կատարած կառավարութեան նիստէն ետք յայտարարած է «Ազգային համերաշխութեան արշաւ» անուանումով դրամահաւաք սկսելու մասին: Ըստ Թուրքիոյ նախագահին` «Ի՛մ Թուրքիա. մենք մեզ բաւարար ենք» կարգախօսով արշաւի նպատակը պետութեան կազմակերպած դրամահաւաքի հետեւանքով գոյանալիք գումարով պսակաձեւ ժահրի դէմ պայքարի ընթացքին երկրի մէջ նուազ եկամուտ ունեցող բնակիչներուն լրացուցիչ օգնութիւն ցոյց տալն է: Ընտանիքի, աշխատանքի ու ընկերային ծառայութիւններու նախարարութիւնը այդ նպատակով արդէն յատուկ հաշուեհամար բացած է:
Էրտողան յայտնած է, որ դրամահաւաքի առաջին նուիրատուն պիտի ըլլայ անձամբ ինքը` ուղղելով իր 7 ամսուայ աշխատավարձը: Ան կոչ ըրած է կառավարութեան բոլոր անդամներուն, իր գլխաւորած «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան (AKP-ԱԶԿ) նահանգային կառոյցներուն, մէճլիսի պատգամաւորներուն, քաղաքապետարաններուն, ինչպէս նաեւ խոշոր գործարարներուն ու բարերարներուն, մասնակցիլ դրամահաւաքին:
Էրտողանի (7 ամսուայ աշխատավարձ) ու կառավարութեան անդամներուն (5.2 մլն լիրա/791 hզ. տոլար) հանգանակութիւններով մեկնարկած այս նախաձեռնութիւնը սակայն ոչ միանշանակօրէն ընդունուած է երկրի տարբեր շրջանակներու կողմէն:
Պետական համակարգի շարք մը պաշտօնեաներ, իշխանութիւններուն մօտ կանգնած շրջանակներ, որոշ գործարարներ եւ կազմակերպութիւններ յայտարարած են իրենց մասնակցութեան մասին` արդէն սկսելով հանգանակութիւնները:
Արշաւը, սակայն, յայտնուած է ընդդիմադիր կուսկացութիւններու ու շարք մը այլ քաղաքացիներու քննադատութիւններու թիրախ:
Անոնցմէ շատերը իրենց զարմանքը արտայայտած են Էրտողանի քայլերուն` նշելով, որ այս օրերուն, երբ ողջ աշխարհի տարբեր երկիրներու իշխանութիւնները գումարներ կը փոխանցեն քաղաքացիներու հաշիւներուն, Էրողան ինք քաղաքացիներէն փող կ’ուզէ:
Գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան»է (CHP-ԺՀԿ) Սթանպուլի նահանգային կառոյցի ղեկավար ջանան Քաֆթանջըօղլուն Twitter-ի գրառումով կասկած յայտնած է հաւաքուելիք գումարի արդար բաշխման համար ` նշելով, որ տարիներ շարունակ այլ պետական հիմնադրամներուն փոխանցուած գումարները «մէջ-մէջ առնուած է»:
Դրամահաւաքը քննադատած է նաեւ քրտամէտ Թուրքիոյ մէճլիսի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան:
«Աշխարհի առաջնորդները քաղաքացիներուն գումար կը փոխանցեն, իսկ Էրտողան իր հաշուեհամարը կու տայ քաղաքացիներուն` խնդրելով փող փոխանցել»,գրած է Փայլան: