Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2020-ին, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ տարբեր նահանգներու վարժարաններուն հականեխման գործողութիւններու 70%-ը ամբողջացած է, անոնցմէ 28-ն յատկացուած է պսակաձեւ ժահրով վարակուող պարագաներ ընդունելու համար: Այս կեդրոնները կրնան ընդունիլ 668 անձեր, որոնց պիտի հսկէ 210 անդամներէ բաղկացած բժշկական խմբակ մը։
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ դպրոցներու հականեխման գործողութիւնը պիտի ամբողջանայ այս շաբթուան աւարտին։