«Ապառաժ».-Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 1 Ապրիլին հանդիպում  ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի պատուիրակութեան հետ` կառոյցի ղեկավար Տիգրան Յակոբեանի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպումին, որուն կը մասնակցէր Արցախի Հանրապետութեան հանրային ծառայութիւնները եւ տնտեսական մրցակցութիւնը կարգաւորող պետական յանձնաժողովի նախագահ Միքայէլ Վիրաբեան, քննարկուած են հեռահաղորդակցութեան ոլորտի մէջ Հայաստանի եւ Արցախի փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Բակօ Սահակեան ողջունած է երկու հայկական պետութիւններուն կարգաւորիչ մարմիններու գործակցութեան  համապետական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզչութեան ժամանակահատուածին մէջ իրականացուած հեռուստաընկերութիւններուն եւ ռատիոընկերութիւններու մշտադիտարկումը` զայն համարելով կարեւոր ու պահանջուած:

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԻ

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ