ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան դատապարտելի  համարած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէն հայ-ատրպէյճանական սահմանին, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփման գիծին մէջ իրադրութեան մասին պարբերական կեղծ տեղեկատուութեան տարածումը, որուն նպատակն է քօղարկել կամ արդարացնել իր կողմէն հրադադարի վարչակարգի եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումները:

Աննա Նաղդալեան, մեկնաբանելով Ատրպէյճանի կողմէն տարածուող ապատեղեկատուութիւնը, յիշեցուցած է, որ 30 Մարտին ատրպէյճանական զինեալ ստորաբաժանումներու կողմէն հրադադարի խախտման հետեւանքով վիրաւորուած են Տաւուշի շրջանի Ոսկեւան բնակավայրի անչափահաս բնակիչը եւ երկու զինծառայող:

ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակի մեկնաբանութեան մէջ նաեւ նշուած է. «Պէտք է ընդգծել, որ այս ռազմական միջադէպի ընթացքին ատրպէյճանական զինեալ ստորաբաժանումները քաղաքացիական ենթակառուցուածքին մէջ թիրախաւորած էին քաղաքացիական անձին` երեխային, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բացայայտ խախտում է:

Ակնյայտօրէն Ատրպէյճան կը փորձէ օգտագործել պսակաձեւ ժահրի համավարակի տարածման հետեւանքով հակամարտութեան գօտիին մէջ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի մշտադիտարկումներու ժամանակաւոր կասեցումը հրադադարի խախտումներ իրականացնելու եւ կեղծ տեղեկութիւններ տարածելու նպատակով:

Անգամ մը եւս կ’ընդգծենք մեր յանձնառութիւնը` յարգելու ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղարին կոչերը եւ այս ժամանակաշրջանին խստօրէն պահպանելու հրադադարը եւ ձեռնպահ մնալու որեւէ սադրիչ գործողութիւններէն:

Նշենք, որ նման իրադրութիւններուն առաւել ընդգծուած է վտանգներու նուազեցման վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման եւ այդ նպատակով արդիւնաւէտ միջազգային ձեւաչափերու ստեղծման կարեւորութիւնը»: