Հակառակ Հալէպի մէջ  շարք մը սահմանափակումներուն եւ դժուարութիւններուն՝ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին առնչութեամբ, Սուրիոյ մէջ  ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան Մարտ ամսուան իրականացուցած աշխատանքները առաւել քան տպաւորիչ են:

Հալէպի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութենէն ներս մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ներկայացուցիչ Արկատի Տօնոյեան հանդիպում  ունեցած է Danish Refugee Council (DRC)-ի ղեկավար տիկին Պրենտա Ֆլորսին հետ: Հանդիպումի ընթացքին DRC-ը առաջարկած է քննարկել մատչելի համագործակցութեան մասին «Ականներու վտանգի իրազեկման եւ ականներէն տուժածներու աջակցութեան» ծրագիրներուն շուրջ:
Մարտին հայկական մարդասիրական առաքելութեան կողմէն Հալէպ նահանգին մէջ ականազերծուած է 19697 քառակուսի մեթր ականապատ տարածք: Յայտնաբերուած են 42 ՊՄՆ-2 տեսակի հակահետեւակային ական, 2 պայթուցիկ գնդակ, աւիառումբի ենթազինամթերք 1 մնացորդ, իտալական արտադրութեան հակատանկային ական, մէկ 122մմ հրետանային արկ, երկու 120մմ ականանետի արկ, 3 ինքնաշէն պայթուցիկ սարք, “կրատ” հրթիռի մէկ մարտագլխիկ: Բժիշկները բուժօգնութիւն ցուցաբերած են 1169 տեղաբնակներուն, «Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին» պատկանող «Դարմանատուն» ընկերաբժշկական կեդրոնին  փոխանցուած է դեղօրայք եւ բժշկական պարագաներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքին պատկանող հայկական ծերանոցին  յանձնուած է “Մարդասիրական Ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն” ՊՈԱԿ-ի կողմէն ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան մէկ մասը: Աշխատանքները կը շարունակուին: