«Արմէնփրէս».-Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին պիտի տրամադրէ ընդհանուր առմամբ 92 մլն. եւրօ` անյետաձգելի եւ կարճաժամկէտ կարիքներուն աջակցութեան նպատակով: Միջոցները կ’ուղղուին բժշկական սարքաւորումներու եւ պարագաներու մատակարարման, բուժօգնութեան անձնակազմի եւ տարրալուծարանի աշխատակիցներու վերապատրաստման, Փոքր եւ Միջին Ձեռնատարութիւններուն եւ գործարար հանրութեանն  աջակցութեան, ինչպէս նաեւ պսկաձեւ ժահրի բռնկման հետեւանքներէն տուժած  ընկերային եւ մարդասիրական օգնութիւն: