«Արցախփրէս».-8 Ապրիլին ստորագրուած է Գերմանիոյ եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական գործակցութեան մասին համաձայնագիր: Ան 2018-էն ետք նախատեսուած ծրագիրները սահմանած է:

Ըստ այդմ` Հայաստանին պիտի տրամադրուին դրամաշնորհներ, ճարտարագիտական աջակցութիւն եւ արտօնեալ տոկոսադրոյքով վարկեր, որոնց ընդհանուր ծաւալը կը գերազանցէ 91 միլիոն եւրօն: Անոնց մէջ կան նաեւ կենսաբազմազանութեան պաշտպանութեան կամ վերականգնուող ուժանիւթերու խթանման ուղղուած ծրագիրներ: