«Արցախփրէս».- «Ռոսփոթրեպնատզօր»-ի տնօրէն Աննա Փոփովա ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհրդակցութեան ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ  Դաշնութիւնը Հայաստանին պսակաձեւ ժահրը ախտորոշելու համար 20 հազար քննութեան համակարգ պիտի տրամադրէ:

«Ռուսիա մօտերս Եւրասիական Տնտեսական Միութեան երկիրներուն պիտի փոխանցէ քննութեան համակարգեր պսակաձեւ ժահրի աւելի քան 50 հազար հետազօտութիւն կատարելու համար:

Աւելցնենք, որ Ռուսիա 10 Ապրիլին Հայաստանին 20 հազար հետազօտութիւններու միջոցներ փոխանցած էր», ըսած է Փոփովան։