Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան երէկ յետմիջօրէին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն  ունեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Արք. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին հետ:

Թուրքիոյ նախագահը Պոլսոյ պատրիարքին շնորհակալութիւն յայտնած է` հայ համայնքին կողմէ «Մենք ինքնաբաւ ենք» հանգանակութեան բերուած մասնակցութեան համար: Համայնքի նուիրատուութեան մասին գոհունակութիւն յայտնելու առընթեր, Էրտողան հետաքրքրուած է թրքահայ կեանքին մէջ առկայ խնդիրներով:

Թուրքիոյ նախագահը դիտել տուած է, որ պետութիւնը դիւրութիւն ընծայած է Թուրքիոյ մէջ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան շարք մը քաղաքացիներու, որպէսզի կարենան վերադառնալ իրենց երկիրը: Միեւնոյն ժամանակ, Էրտողան շեշտած է, որ Թուրքիա կը նախատեսէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ծիրին մէջ դեղօրայքի օժանդակութիւն կատարել Հայաստանին:

Իր կարգին, Սահակ Արք. Մաշալեան շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ նախագահին` իր նախաձեռնած հեռաձայնային հաղորդակցութեան համար:

Նախագահ Էրտողանի եւ Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին եւս քննարկումները ծաւալած են նոյն առանցքին շուրջ: Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնած է հայ համայնքային հաստատութիւններուն կողմէ հանգանակութեան արշաւին բերուած մասնակցութեան համար: