Այսօր մեզի համար յաղթանակի օր է, ուրախութեան եւ ցնծութեան օր է, որովհետեւ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ:
Մարդը, որպէս տկար արարած, կը վախնայ մահէն եւ իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին ամէն ջանք կը թափէ մահը հեռացնելու եւ վանելու իր կեանքէն: Քրիստոս եղաւ առաջինը, որ Իր մահով մահը խեղդեց եւ Իր խաչելութեամբ ու մահուամբ յաղթանակեց մահուան, կը յայտարարէ Պօղոս առաքեալ (Ա.Կր 15.55-57):
Քրիստոսի յարութեան այս օրուան մէջ, քրիստոնեայ հաւատացեալը հրաւիրուած է փառք եւ գոհութիւն վերառաքելու իր Արարիչին, որ բոլորիս յաղթանակ շնորհեց: Ամէն անգամ Ս. Զատկուան տօնին կը յիշենք այդ յաղթանակը եւ ուրախութեամբ զիրար կ’ողջունենք եւ կ’աւետենք ըսելով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»: Յարութեան ուրախութիւնը մեզի շնորհուած է եւ տարբեր է աշխարհի անցողական ուրախութիւններէն, որովհետեւ հոգեկան ուրախութիւն, յաղթանակ է, զոր մարդը կու գայ տօնելու: Յարութեան յաղթանակը հոգիին եւ բարոյական ճշմարտութիւններուն յաղթանակն է, լոյսին յաղթանակն է խաւարին դէմ եւ սիրոյ յաղթանակը՝ ատելութեան դէմ: Այսօր այն օրն է, երբ Աստուած Իր գերագոյն սէրը յայտնեց մարդուն եւ այդ սիրոյն շնորհիւ կեանքը յաղթանակեց մահուան: «Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց», կ’երգէ Հայ Եկեղեցին այսօր: Քրիստոսի ճամբով, կեանքը թագաւորեց մահուան վրայ եւ Քրիստոսի ճամբով այդ կեանքը տրուեցաւ մարդկութեան: Հետեւաբար, Քրիստոսի պարգեւած կեանքը յաւիտենական եւ անվախճան կեանքն է:
Սիրելի՛ հաւատացեալներ,
Այսօր մեզի համար՝
Ա. Յարութեան առաւօտ է: Մահը կլանուեցաւ, յաւիտեան բնաջինջ եղաւ (Ես 25.8): Յարութեան աւետիսը յաղթանակով գրաւեց մարդոց սրտերը:
Բ. Կեանքի առաւօտ է: Սուգը, տրտմութիւնը եւ յուսախաբութիւնը վերջ գտան մարդոց կեանքէն: Մարդկութիւնը առաքեալներուն հետ միաբերան Քրիստոսի յարութեան աւետիսը կը սփռէ՝ սիրոյ եւ երախտագիտութեան պարտքը տալով:
Կեանքը մահուան մէջ կարելի չէ փնտռել: «Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ՛ Ան. յարութի՛ւն առաւ», կ’ըսէ Ղուկաս Աւետարանիչը (Ղկ 24.5): Պօղոս առաքեալ նոյնպէս կը վկայէ ըսելով. «Քրիստոս մեռաւ եւ վերակենդանացաւ, որպէսզի Տէրը ըլլայ բոլորին, թէ՛ ապրողներուն եւ թէ մեռածներուն հաւասարապէս» (Հռ 14.9):
Գ. Հաւատքի առաւօտ է: Այն առաւօտը, երբ կիները փութացին գերեզման եւ իրենց կենդանի աչքերով տեսան դատարկ քարայրը, ուր միայն Յիսուսի պատանքը կար եւ վկայեցին, որ գերեզմանը թափուր է եւ որ Տէրը հոն չէ, այլ յարութիւն առած է:
Դ. Հաւատքի կենդանութեան առաւօտ է: Կեանքի եւ յարութեան ըղձանքով եւ հաւատքի կենդանութեան նոյն ապրումներով կ’ողջունենք յարուցեալ Քրիստոսը: Հաւատքի մեր կեանքին անցեալը, ներկան ու ապագան բնորոշող երեք գլխաւոր փուլերը վերաքննելու համար Պօղոս առաքեալի դիտարկումով պէտք է մտաբերենք, որ Քրիստոս մեռաւ մեր բոլորին համար, որպէսզի հաւատքով կենդանացողները այլեւս չապրի՛ն իրենք իրենց համար, այլ Անոր համար, որ իրենց փոխարէն մեռաւ եւ յարութիւն առաւ (Բ.Կր 5.15):
Քրիստոսի յարութիւնը հոգեւոր յարութիւն է, որ կը վերանորոգէ մարդուն ներաշխարհը, զինք վերածելով նոր արարածի: Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է» (Բ.Կր 5.17): Նորոգուած մարդուն պարտականութիւնն է քարոզել զօրութիւնը, մեծութիւնն ու փառքը Անոր, որ մեզ խաւարէն Իր սքանչելի յաւիտենական լոյսին կանչեց (Ա.Պտ 2.9):
Սակայն, նոր արարած դարձած մարդը պէտք չէ ապրի ինքն իր անձին համար, այլ՝ Տիրոջ համար (Հռ 14.7-8): Առաքեալին այս հաստատումը կարեւոր ճշմարտութիւն մը կը փոխանցէ մեզի, թէ եսասիրութիւնը եւ Քրիստոսի հաւատքը իրարու չհամընկնող իրականութիւններ են: Քրիստոս եկաւ մարդը ազատելու մեղքի կապանքէն, որ այս պարագային եսասիրութիւնն է:
Մենք, որպէս Յիսուսի հետեւորդներ, աշխարհի հոգերով ծանրաբեռնուած ենք։ Առօրեայ հազար ու մէկ անլուծելի հարցեր կը մտահոգեն մեզ, չիրականացած մեր ծրագիրներով, երազներով եւ մեր բոլոր տկարութիւններով: Թող որ հաւատք եւ վստահութիւն ունենանք նոր արշալոյսներ դիմաւորելու: Յարութեան զօրութեամբ գօտեպնդուինք եւ դէպի առաջ նայինք:
Անուրանալի ճշմարտութիւն է, որ աշխարհի սկիզբէն համաճարակներ եւ անդարմանելի հիւանդութիւններ սպառնացած են մարդկութեան եւ շատերու կեանքը խլած: Դարերու ընթացքին գիտնականներ շատ մը մահացու հիւանդութիւններու դարմանը գտած են եւ պատուաստներու շնորհիւ անոնք կանխած են մարդոց մահը, սակայն միշտ նոր ախտեր ի յայտ եկած են եւ ամէնուրեք մահուան արհաւիրքը գուժած: Գիտնականներ, պետութիւններ, ազգեր հսկայ գումարներ կը տրամադրեն հետազօտութիւններ կատարելու համար եւ արդիական սարքաւորումներով հետեւողական եւ մնայուն պայքար կը մղեն մահացու՝ աներեւոյթ ժահրերու դէմ: Այս օրերուն մահացու գլխաւոր ժահրը պսակաձեւ ժահրն է, փոքր ժահր մը, որ աշխարհի համայն մարդկութիւնը ահուդողի մատնեց եւ հազարաւոր կեանքեր խլեց:
Յարութեան տօնին առիթով, բոլորս մեր տուներուն մէջ առանձնացած, Սաղմոսերգուին հետեւեալ բառերը միաբերան յայտարարելով ըսենք. «Տիրոջ գործերը պիտի յիշեմ, բոլոր գործերուդ մասին պիտի խորհիմ եւ քու ըրածներուդ մասին պիտի պատմեմ» (Սղ 72.11-12):
Աղօթենք առ Աստուած, որպէսզի յաղթանակներով լեցուն նոր սկիզբ մը բանայ մարդկութեան առջեւ, լեցուն նուաճումներով եւ յաջողութիւններով, այն վստահութեամբ, որ մեր երկնաւոր Հայրը պիտի լսէ մեր ձայնը:
Յարութեան հաւատքին շնորհիւ է, որ հայ ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն, յաղթահարելով իր գոյութեան սպառնացող բոլոր վտանգները կրցաւ կրկին ոտքի կանգնիլ:
Վստահ ըլլանք որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ, որ մեր «վաղը»ը պիտի նմանի մեր առջեւ բացուած յարութեան դրան: Կեանքի այդ դուռը մեզի պիտի առաջնորդէ դէպի կեանքի պարտէզ, դէպի երջանկութիւն, ուր պիտի լսենք Արարիչին ձայնը, որ Աստուածաշունչին ընդմէջէն կ’ըսէ մեզի այսօր. «Մի՛ վախնաք, Ես աշխարհին յաղթեցի: Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի»:
Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի անունով մեր որդիական սէրն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ անսպառ կորով, յառաջ տանելու Հայ Եկեղեցւոյ նուիրական առաքելութիւնը: Մեր շնորհաւորութիւնները կ’ուղղենք թեմէն ներս գործող Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին, Ազգ. Վարչութեան, Կրօնական Ժողովին եւ մեր բոլոր կառոյցներուն, միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ բարեպաշտ ժողովուրդին, մաղթելով անվտանգ, պայծառ օրեր:
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:
Հալէպ, 12 Ապրիլ 2020
Մասիս Եպս. Զօպուեան
Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին