Տէր սիրական, ձայն փրկական

Լոյս մարդկութեան, սէր յաւիտեան

Աւետաբեր կանչ հովուական

Հզօր Իշխան խաղաղութեան

Ընտրեցիր Դուն խաչի ճամբան

Որ կնքես Ուխտ Տէրունական

Համբերեցիր ծայր աստիճան

Կեանքիդ մասին վեհ, սրբազան

Մարգարէներ տուին նշան

Թէ պիտի գայ Յիսուս Արքան

Որ ըլլայ Զոհ վասն մարդկան

Եւ բանայ դուռն ողորմութեան:

 

Խաչի ուղին, վճիռ մահուան

Տխուր պատկեր, սեւ հանգրուան

Մութ դաւերը Յուդայական

Տատամսումներ Պիղատոսեան

Խուլ խիղճերը Հերովդէսեան

Կոյր նախանձը Եբրայական

Այս բոլորը հանդէս եկան

Անցար Դուն լուռ, անպատասխան

Սիրտով բարի, անխտրական

Որպէս Գառնուկ Նոր Զատկական

Հեղումովը Քու սուրբ արեան

Երկինք-երկիր հաշտուեցան:

 

Սէրդ չունէր նախապայման

Խօսքդ խաղաղ հաստատական

Խորհուրդ վերին եւ վճռական

Ցոյց տուիր թէ սիրողական

Վայելչապէս հաճոյական

Պիտ շնորհես կեանք պատուական

Եղած էինք Հովիտ մահուան

Քեզմով դարձանք գարնան նման

Ոհ, ինչ սփոփանք երանական

Որ կու տայ յոյս անմահութեան

Ու կը հնչէ երգ յաղթութեան

Թէ Խաչով կայ շունչ Յարութեան:

Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան