«Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք, բայց մեզ պէս չապրէ՛ք»։ Հայրս այս նախադասութիւնը յաճախ կը կրկնէր, երբ գիշերները իր շուրջը բոլորուած հետաքրքրութեամբ կ’ունկնդրէինք այն պատմութիւնները, զորս մեծ հայրս պատմած էր իրեն ու թարմ յիշողութենէն վերստին կ’արտադրէր զանոնք:
Մեծ հայրս ջարդէն փրկուած, հազիւ ութը տարեկան երեխայ, որբ մեծցած էր: Ինչե՜ր-ինչեր ըսես չէր տեսած խեղճ մանչուկը, մինչեւ որ հասած էր երիտասարդ տարիքի, ամուսնացած եւ կազմած իր բոյնը ու տքնանքով աշխատած՝ ընտանիքին ապրուստը հոգալու համար։ Ազգասէր, հայրենասէր էր ան: Զաւակները ազգային դպրոց ուղարկելու համար ամէն տեսակ զոհողութեան պատրաստ էր: Անգութ մահը, սակայն, կանուխ խլած էր զինք… Այստեղ հայրս կը դադրեցնէր իր պատմութիւնը ու արցունքը գաղտագողի սրբելով կը շարունակէր պատմել.
և Ես տասներկու տարեկան էի, երբ հայրս մահացաւ: Այդ օրերուն վեցերորդ կարգի գերազանց աշակերտ էի, ապագայի նկատմամբ երազանքներ ու յոյսեր ունէի, սակայն բոլորն ալ հիմնայատակ կործանեցան հօրս մահէն ետք: Աշխատանքի ասպարէզ նետուելով կեանքի դաժան հարուածներուն դէմ դրի։ Աղքատութիւնը որքան լեղի էր ու…,և արցունքները զսպելով կը կրկնէր,և Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք, բայց մեզ պէս չապրէ՛ք։
Իսկապէս ալ, մենք հանգիստ, անհոգ ու խաղաղ մանկութիւն մը ապրեցանք, որուն մասին յաճախ կը պատմեմ զաւակներուս։
Գամիշլին ինծի համար ծննդավայր մը չէ միայն, այլ էութեանս մէկ կարեւոր մասնիկը: Հոն ունիմ անկրկնելի յիշատակներ, որոնք կը տարբերին իւրաքանչիւր եղանակի հետ: Աշունը՝ պաշարի պատրաստութեան, ձմեռը՝ տուներու տանիքները ցեխով ծեփելու հսկայ աշխատանքին,  գարունը՝ դալարագեղ դաշտերու մէջ պտոյտներու յուշերով հարստացուցած են ողջ էութիւնս:
Գամիշլիի կիզիչ ամրան, մեր բնակարանները մեղուափեթակի կը վերածուէին:  Մեծէն պզտիկ գործի կը լծուէին, իւրաքանչիւրը ունէր իրեն վստահուած աշխատանք մը։ Լոլիկի խոյսի պատրաստութիւնը ունէր իր հետաքրքրական ծէսը: Իւրաքանչիւր շէնքի տանիքը լոլիկի հիւթ պարունակող ափսէներ կարմիր կակաչներու նման երկինքն ի վեր կը նայէին: Երդիքները կարմիր գոյնով կը ներկուէին… է՜հ, երանելի օրեր, թաղեցիները կը հաւաքուէին իրարու օգնելու, լոլիկը կը ճզմէին, հիւթը դոյլերով տանիք կը փոխադրէին, եւ հո՛ն, մեծկակ ափսէներու մէջ կը տեղաւորէին: Այսպէս մարդիկ լոլիկի խոյսի իրենց ձմրան պաշարը կ’ապահովէին: կարգը կու գար ցորենին, նոյն աշխուժութեամբ կը պատրաստուէին ցորենը խաշելու:  Խոշոր կաթսաներու մէջ կը զետեղէին ցորենը, մարմանդ կրակի վրայ եփելով ու մերթ ընդ մերթ խոշոր շերեփով խառնելով զայն: Մենք մայթին նստած կը հետեւէինք այս արարողութեան մանրամասնութիւններուն եւ մեր ախորժակը սրած, պնակները մեր ձեռքին կը սպասէինք ցորենի խաշելուն, որպէսզի մեր բաժինը ստանալով համեղ ցորենը վայելէինք:
Հայրս ինչպիսի դժուարութեամբ արցունքները կը զսպէր, երբ խօսէր իր մանկութեան մասին: Հիմա կարգը իմս է: Արցունքներս չեմ կրնար զսպել, անոնք դիւրաւ կը հոսին, բայց այս անգամ ուրախ յիշատակներու համար ու փայլք մը կու տան դէմքիս: Ու կը մտածեմ, թէ ի՞նչ մաղթեմ զաւակներուս: Արդեօ՞ք  հօրս խօսքը կրկնեմ… Բառերը բերնէս կ’ելլեն, սակայն տարբեր շարահիւսութեամբ, զաւակներուս դէմքին նայելով կ’ըսեմ. «Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք, բայց երնէ՜կ մեզ նման ապրէք»:
Յիշողութիւններով կրկին կը սլանամ դէպի Գամիշլիի  ամառնային օրերը ու կը պատմեմ, թէ Գամիշլիի կլիման այնքան տաք կ’ըլլար, որ մեծերը իրենց ճակտին վրայ վազող քրտինքը սրբելով, կատակելով զովանալ կը փորձէին. «Եթէ հոս այսքան տաք է, հապա դժո՞խքը ինչ պիտի ըլլայ»: Կարծէք բոլորն ալ իրենց տոմսերը ապահոված ըլլային դէպի դժոխք… Յամենայնդէպս մեծերը բոլոր եղանակներէն ալ դժգոհ էին… «Ձմեռը աղքատներու թշնամին է» կ’ըսէին: Աշնան, օդի փոփոխութեան հետ կռիփն ու հարբուխը կը վարակէին բոլորը ու անոնք մեզի կը թելադրէին հաստ հագուիլ հիւանդութենէն պաշտպանուելու համար: Իսկ գիտէի՞ք որ՝ «Գարնան հովը դմակ է, իսկ Աշնան հովը՝ դանակ է»: Գարունն ալ կիներուն համար մեծ հոգ է, տան ընդհանուր մաքրութիւն, Մեծ Զատկուան պատրաստութիւն… Մեծերը յաճախ դժգոհ էին, սակայն մենք՝ փոքրերս, բոլոր եղանակներուն ալ ուրախ ժամեր կը ստեղծէինք: Ամրան համն ու հոտը տարբեր էր սակայն: Տանիքը քնանալը, սարքուած յատուկ մահճակալներու վրայ, որոնց չորս անկիւնները երկար տախտակներ կը տեղադրուէին ու անոնք սպիտակ, երկար սաւաններով կը փաթթուէին, որպէսզի  քնացողները անտեսանելի դառնային շրջապատի մարդոց կողմէ: Գիշերը երկննալ այդ մահճակալներուն վրայ, երկնքի լուսնին ու աստղերուն տիրելու զգացումը ապրիլ, Աստուծոյ հետ խօսելու ուղղակի ճանապարհը գտնել ու անուշ երազներով, անհոգ քնանալ… եթէ ամառը դժոխք էր մեծերուն համար, մեզի համար դրախտի մանրակերտն էր։
Այս է հայաբնակ Գամիշլին՝ իր մերթ դաժան, մերթ քաղցրաբոյր օրերով: Հայկական մեր բարքերը պահպանող ու անոնցմով իսկ յատկանշուող Ճեզիրէի սիրտն է ան, որ յարակից է պատմական մեր Մծբինին ու սնանած է անոր ակունքէն:
Մարի Մելքոն
Աղբիւր- «Գանձասար Բացառիկ-2020»