Սուրիական պատերազմի թոհուբոհը ժողովուրդին ծառայելու յանձնառութեամբ իր ետին ձգած սուրիահայ երիտասարդութիւնը այս անգամ պսակաձեւ ժահրի տագնապին մէջ յանձնառու աշխատանք կը ստանձնէ՝ առանց դժկամելու:
Մեր համայնքին հիմնական ուժն է կազմակերպուած ու ազգային դաստիարակութեամբ տոգորուած երիտասարդութիւնը, որուն կարելի է վստահիլ ոչ միայն աշխատանք ու ծառայութիւն, այլեւ ղեկավարութիւն, ծրագրաւորման ու վերանորոգման աշխատանք: Ան է որ կը յուսադրէ, նոր թափ կուտայ համայնքէն ներս տարուող բազմաբնոյթ աշխատանքներուն:
Այս երիտասարդութիւնն է, որ հանրային մեր գործունէութեան, ազգային կեանքի ամէնէն կարեւոր գործին՝ ազգային առողջ դաստիարակութեան բովէն անցած է ու համայնքի կեանքին ամէնէն բախտորոշ փուլերուն գործ ստանձնած է կամաւորաբար:
Երիտասարդութիւն, որուն համար ազգային իտէալները վերացական արժէքներ չեն, անոնք մարմին կþառնեն ամէնէն համեստ աշխատանքներով ու կը բիւրեղանան հաւաքական մեր շահերուն հետապնդման հաւատադրոշմ գործերով:
Հաւատքէն կը ծնի անոնց գործը եւ գործն է որ կը սպասարկէ հաւատքին, իտէալին: Այլապէս ի՛նչ իմաստ պիտի ունենային հաւատքն ու իտէալը, եթէ որեւէ հաւաքականութիւն ընդունակ չըլլար կերտելու իր ազգային դիմագիծով ու ոգիով հպարտ երիտասարդութիւն:
Այսպիսի երիտասարդութիւնն է, որ ոչ թէ ազգային նեղմտութեան մէջ սեղմած է իր ողջ ներուժը, այլ իր ազգային արժէքները պայծառացնելով կը կերտէ նորարարութիւնը, վստահելով իր ուժերուն, զերծ մնալով այլասերիչ գաղափարախօսութիւններէ՝ գերազանցօրէն աշխարհաքաղաքացիութիւն ու անհատապաշտութիւն ջատագովող ներկայ մեր դարուն:
Այս դաստիարակութիւնը իր վեմը համարելով այսօր կրկին պատնէշի վրայ է մեր երիտասարդութիւնը: Ապրելով համաճարակի բոլոր դժուարութիւնները կը ծառայէ հաւաքականութեան: Հայկական կեդրոններուն մէջ ներկայ է օր ու գիշեր, կը հասնի մեր ժողովուրդի զաւակներուն, յատկապէս այս պայմաններուն մէջ անել կացութեան մատնուած տարեցներուն, անոնց առողջապահութեան եւ սնունդի ապահովման նպաստելով, համաճարակի տարածումը կանխելու համար իր կեանքն իսկ վտանգելով, մեր կեդրոններն ու եկեղեցիները հականեխելով, յարգելով համաճարակի դիմագրաւման բոլոր կանոնները, ուղղելով նաեւ մեր ժողովուրդը, որպէսզի ան գիտակցութեան բարձր մակարդակ դրսեւորէ եւ իր իսկ օրինական ընթացքով նպաստէ համաճարակի յաղթահարման:
Մեր երիտասարդութիւնն ալ ունի դժուարութիւններ, տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ կը գոյատեւէ, ունի ընտանիք, կասեցուած են իր ալ աշխատանքն ու ուսումը: Այդուամենայնիւ, այս փուլին, ան յանձնառութեամբ ու գիտակցութեամբ վեր դասած է հաւաքական կեանքին ծառայութիւնը, որովհետեւ քաջ գիտէ, որ ծառայութեան իր օրինակով պիտի ապահովագրէ հաւաքական մեր կեանքին ամրագրումը եւ ապագայ կենսունակութիւնը:
Ձեր վարձքը կատար, կամաւո՛ր ծառայողներ:

«Գ.»