ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէն,

– Արձագանգելով 24 Ապրիլին դիմատետրի  օգտատէրերու լուսանկարները յուշային յատուկ շրջանակով օժտելու կոչերուն,

– Ամրագրելով 24 Ապրիլ 2015-ին ընդունուած համահայկական հռչակագիրի դրոյթները,

– Շեշտելով ցեղասպանութեան յանցակազմին մէջ պարունակող արարքներուն համար անպատիժ մնալու անթոյլատրելիութիւնն ու  յանցագործութեան վաղեմութեան ժամկէտ չունենալու հանգամանքը,

– Վերահաստատելով Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի յանձնառութիւնը` շարունակելու պայքարը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներուն ու յատկապէս հայ ժողովուրդի բարոյական, նիւթական եւ հողային իրաւունքներու վերականգնման համար,

Կ’առաջարկէ համաքաղաքացիներուն` դիմատետրի օգտատէրերու լուսանկարներուն վրայ աւելցնել իր քարոզչական յանձնախումբի պատրաստած հետեւեալ` «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» յուշային շրջանակը:

Շրջանակը հասանելի է հայերէն, ռուսերէն, անգլերեն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով:

Յ. գր.- շնորհակալութիւն ընկ. Ս. Գասապեանին իր օժանդակութեան համար: