Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան ղեկավար Թեդրոս Ադանոմ Կեպրէիսուս համեմատութիւն կատարած է COVID-19-ի ու «խոզի կրիփի» ցուցանիշներուն, վարակի տարածուածութեան միջեւ:

«Ռիա Նովոստի»ն կը տեղեկացնէ, որ «խոզի կրիփի» վարակը տարածուած էր 2009 թուականի Յունուարէն մինչեւ 2010 թուականի Օգոստոսը: Այդ ընթացքին աշխարհի մէջ վարակուած էր 1.6 մլն մարդ: Գրանցուած էր մահուան 18 հազար 449 պարագայ: ԱՀԿ ղեկավարը յայտնած է, որ պսակաձեւ ժահրի պարագային մահուան ցուցանիշը «խոզի կրիփի»ն համեմատելով  քանի մը անգամ աւելի է:

«Մենք գիտենք, որ պսակաձեւ ժահրը շատ արագ կը տարածուի եւ  մահացու է: Ան 10 անգամ աւելի մահացու է, քան 2009 թուականին տարածում գտած կրիփի վարակը», նշած է Թեդրոս Ատանոմ Կեպրէիսուս:

ԱՀԿ ղեկավարը յիշեցուցած է, պսակաձեւ ժահրի տարածումը կասեցնելը կարելի է վարակի վաղ յայտնաբերումով, քննութեան, մեկուսացման եւ մարդոց վերահսկելու պարագային: