«Արցախփրէս».- Հայիթիի հիւսիսը գտնուող Թագաւորական եկեղեցւոյ մէջ հրդեհ բռնկած է:
Ճարտարապետական այս գործը 1982 թուականին ԻՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած է:
Թագաւորական եկեղեցին կառուցուած է 19-րդ դարու սկիզբը: Ան կառուցուած է Հայիթիի ինքնահռչակ թագաւոր Հենրի Ա.-ին կողմէ:
Հրդեհը բռնկած է 12 Ապրիլէն 13-ի գիշեր: Բռնկման պատճառը տակաւին յստակ չէ: