Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան իր դիմատետրի էջին վրայ գրառում կատարած է` նշելով, որ բոլորովին պատահականութիւն չէ այսօր`14 Ապրիլին, ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի նախագահի յիշատակի օրը, Արցախը նորէն նախագահ կ’ընտրէ:

Ան, յատկապէս, յիշած է.

«Ան իր ժողովուրդի ազնիւ զաւակն էր, որ իր կեանքով ու գործունէութեամբ սերունդներուն ցոյց տուաւ քաղաքական ու պետական ողջամիտ գործիչի, գաղափարի իսկական նուիրեալի, մտաւորականի եւ  ամենակարեւորն է` ազնիւ ու բարոյական մարդու իրական կերպարը:

Ժամանակը կը շարունակէ ապացուցել Արթուր Մկրտչեանի կերպարի անհրաժեշտութիւնը մեր իրականութեան մէջ, եւ Արցախի քաղաքական տարեգրութեան էջերուն մէջ ան ընդմիշտ  պիտի մնայ այն բարձունքին վրայ, որուն տակաւին ոչ ոք  հասած է:

Ընկեր Արթուր սկիզբ էր, որ մեր յիշողութիւններուն մէջ երբեք աւարտ չէ ունեցած:

Ան արցախեան պայքարի պատմութեան  յենասիւններէն է, որ գիտակցեցաւ հողին ամուր յենելու անհրաժեշտութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ մեր պետականակերտման սիւնը ըլլալ, որ ժամանակի փոթորիկներուն դէմ երբեք չ՚ընճկուիր: Պատահականութիւն է, թէ խորհրդանշական պահ, որ այսօր` ԼՂՀ Գերագոյն խորհորդի նախագահի յիշատակի օրը, Արցախը նորէն նախագահ կ’ընտրէ:

Կը մնայ շեշտել ընկեր Արթուրին որդեգրած ուղեծիրը եւ ճշմարիտ առաջնորդի սկզբունքները մեզի շատ բան կրնան սորվեցնել, թէեւ անոր մեծութեան հասնիլ կրնան  միայն եզակիները…»: