Երկուշաբթի, 13 Ապրիլ 2020-ին, տեղական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Երեքշաբթի օրուընէ սկսեալ Սուրիոյ կառավարութիւնը թոյլ պիտի տայ ինքնաշարժի նորոգութեանց վերաբերող արհեստներուն, գիւղատնտեսական գործիքներ վաճառողներուն, երկաթագործներուն, ատաղձագործներուն, դերձակներուն գործի վերադարձը, պայմանաւ որ անոնք յարգեն կառավարութեան հաստատած շրջագայութեան արգիլման ժամերը եւ խանութերէն կամ արհեստանոցներէն ներս խճողում չստեղծեն։