«Երկիր».- Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, Շուշիի ազատագրման եւ Հայրենական մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի օրերուն առիթներով տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններուն պիտի սահմանափակուի քաղաքացիներու մասնակցութիւնը, պսակաձեւ ժահրի տարածումը կանխարգիլելուն ուղղուած քայլերուն լոյսին տակ։ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է. «24 Ապրիլին, 8 եւ 9 Մայիսին տեղի պիտի ունենան միայն արարողակարգային նախաձեռնութիւններ, զանգուածային նախաձեռնութիւններ պիտի չըլլան»: Իսկ թէ 23 Ապրիլին ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ ամէն տարի տեղի ունեցած Ջահերով երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդ եւ՞ս չեղեալ համարուած է, «Իրաւունքը» թերթը հետաքրքրուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ ԻՇԽԱՆ ՍԱՂԱԹէԼԵԱՆԻՆ հարցնելով:
– Աւանդական ջահերով երթը, որ վերջին 15-20 տարիներուն կատարած էինք, այս տարի նկատի ունենալով արտակարգ դրութիւնը, նաեւ մեր քաղաքացիներուն առողջութեան սպառնացող վտանգները, պիտի չընենք: Բայց փոխարինող քանի մը այլ գաղափարներ ունինք, զորս կը քննարկենք, եւ որոնց վերաբերեալ յառաջիկայ օրերուն յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գանք: Այս տարին նաեւ 100-ամեակներու տարի էր` Սեւրի պայմանագիրի 100-ամեակն է եւ քանի մը նախատեսուած նախաձեռնութիւններ ունէինք: Ինչպէս նաեւ մեծ շուքով պիտի նշէինք 1 Մայիսը, բայց քանի որ իրավիճակը այսպիսին է, բոլոր զանգուածային նախաձեռնութիւնները յետաձգուած են:

ՀՐԱՆԴ ՍԱՐԱՖԵԱՆ