«Երկիր».- Հայաստանի արտաքին գործոց (այսուհետեւ՝ ԱԳ) նախարար Զոհրապ Մնացականեան հեռաձայնային հեռախօսազրոյց ունեցաւ Սպանիոյ ԱԳ նախարար Արանչա Կոնսալես Լայայի հետ:
Հայաստանի եւ Սպանիոյ ԱԳ նախարարները հանգամանալից կերպով միտքեր փոխանակեցին պսակաձեւ ժահրին դէմ ուղղուած պայքարին շրջագիծէն ներս ազգային մակարդակով գործադրուող քայլերուն շուրջ: Զոհրապ Մնացականեան Հայաստանի կառավարութեան անունով իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Արանչա Կոնսալես Լայային` համավարակի հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն համար եւ զօրակցութիւն յայտնեց Սպանիոյ ժողովուրդին՝ մաղթելով պսակաձեւ ժահրի շուտափոյթ յաղթահարում:
Զոհրապ Մնացականեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սպանիոյ իշխանութիւններուն` հայ համայնքին հանդէպ ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքին եւ համավարակին հետեւանքով անոնց առջեւ ծառացած խնդիրներուն ոյղղութեամբ առնուած քայլերուն համար:
Երկուստէք կարեւոր համարուեցաւ պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարի միջազգային գործակցութիւնը՝ Եւորոպական Միութեան ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն միջոցով:
ԱԳ նախարարները ընդգծեցին փոխադարձ պատրաստակամութիւնը ամրապնդելու եւ առաւել զարգացնելու հայ-սպանական համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ: