Սուրիոյ առողջապահութեան նախարար տոքթ. Նիզար Եազճի, Չորեքշաբթի, 15 Ապրիլին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց որ Սուրիոյ առողջապահութեան ոլորտը պատրաստ է բժշկական ամբողջական քննութիւն կատարելու պսակաձեւ ժահրով վարակուած պարագաներու եւ նպաստելու անոնց բուժման, առողջապահական համապատասխան մեկուսարաններ տրամադրելով անոնց:
Նախարարը յիշեց, որ ներկայ տուեալներով սուրիական համապատասխան հիւանդանոցներու մէջ գոյութիւն ունի 1000 անկողին, պսակաձեւ ժահրով վարակուողներուն տրամադրելու, դիտել տալով որ մեծ դժուարութիւն կայ արհեստական շնչառութեան գործիքներ ապահովելու՝ ինը տարիէ ի վեր Սուրիոյ պարտադրուած միակողմանի պատիժներուն հետեւանքով:
Նախարարը յայտնեց նաեւ, որ պսակաձեւ ժահրի քննութեան համար տարրալուծարաններ կը գործեն Դամասկոսի, Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Հոմսի մէջ, որոնց իւրաքանչիւրը օրական 100 քննութիւն կատարելու կարելիութիւն ունի: «Ներկայիս աշխատանք կը տարուի այդ քննութիւններուն թիւը բարձրացնելու 200-300-ի», եզրափակեց նախարարը, դիտել տալով որ քննութիւնները անվճար են: