Չորեքշաբթի, 15 Ապրիլ 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Դամասկոսի համաճարակի տարրալուծարանը կ’ընդգրկէ պսակաձեւ ժահրի քննութեան յատուկ PCR գործիքներ, որոնք օրական աւելի քան 100 քննութիւն կը կատարեն կասկածելի պարագաներուն, շեշտելով, որ պսակաձեւ ժահրի քննութիւնը անվճար է: Նախարարութիւնը հաստատեց, որ PCR գործիքները կը գտնուին նաեւ Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Հոմսի յատուկ տարրալուծարաններէն ներս, յայտնելով, որ պսակաձեւ ժահրի քննութիւնը տեղի կ’ունենայ լորձունքի քննութեան միջոցով: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ քննութեան տեւողութիւնը աւելի քան հինգ ժամ է, եւ քննութեան արդիւնքը պսակաձեւ ժահր ցոյց տալէ ետք լորձունքը կը վերաքննուի, այս փուլը կը կոչուի արդիւնքի հաստատման փուլ: