Չորեքշաբթի, 15 Ապրիլ 2020-ին, «Շամ Թայմզ» կայքը հաղորդեց, որ սուրիական օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Պասէմ Մանսուր յայտնած է, որ քաղաքացիական թռիչքները ներկայիս դադրած են, բացի շտապ օգնութեան եւ Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան առնչուող թռիչքներէն: Մանսուր յայտնեց, որ Չորեքշաբթի, 15 Ապրիլի առաւօտեան, Չինաստանէն օդանաւ մը ժամանեց Դամասկոսի Միջազգային օդակայան: Օդանաւը բեռցուած էր պսակաձեւ ժահրի բուժման ծառայող բժշկական սարքաւորումներով: Մանսուր շեշտեց, որ օդակայանի բոլոր բաժինները, ներառեալ հիւրանոցը եւ օդանաւերը օրական դրութեամբ կը հականեխուին: Ան աւելցուց, որ օդակայանի պատասխանատու մարմինները բոլոր միջոցները ի գործ կը դնեն օդակայանի պաշտօնեաներուն եւ օդանաւորդներուն պսակաձեւ ժահրէն զերծ պահելու համար, նկատի առնելով, որ օդակայանի իւրաքանչիւր բաժինի սակաւաթիւ պաշտօնեաներ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը: