ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէն հետեւեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակած է.
– արձագանգելով 24 Ապրիլին դիմատետրի վրայ (ֆէյսպուք) օգտատէրերուն լուսանկարները յուշային յատուկ շրջանակով օժտելու կոչերուն,
– ամրագրելով 2015 թուականի 24 Ապրիլին ընդունուած համահայկական հռչակագիրին դրոյթները,
– շեշտելով ցեղասպանութեան յանցակազմին մէջ ընդգրկուած արարքներու համար անպատիժ մնալու անթոյլատրելիութիւնն ու այդ յանցագործութեան վաղեմութեան ժամկէտ չունենալու հանգամանքը,
– վերահաստատելով Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի յանձնառութիւնը՝ շարունակելու պայքարը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու եւ մասնաւորապէս հայ ժողովուրդին բարոյական, նիւթական եւ հողային իրաւունքներեը վերականգնումին համար,
 Համաքաղաքացիներուն կ’առաջարկէ՝ օգտատէրերու լուսանկարներուն վրայ աւելցնել իր քարոզչական յանձնախումբին պատրաստած «Կը Յիշեմ Եւ Կը Պահանջեմ» յուշային շրջանակը:
Շրջանակը հասանելի է հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով: