«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան մամլոյ կեդրոնէն յայտնեցին, որ ընթացիկ տարուան առաջին եռամսեակին, Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան սահմանապահ զօրքերուն կողմէ կանխուած է պետական սահմանի խախտման 20 փորձ, բացայայտուած է սահմանային դրութեան խախտման 13 դէպք՝ 29 անձերու մասնակցութեամբ:
Հաշուետու ժամանակաշրջանին պետական սահմանի անցման կէտերուն վրայ յայտնաբերուած եւ սահմանուած կարգով Հայաստանի ոստիկանութեան յանձնուած է հետախուզման մէջ գտնուող 319 անձ: