Չորեքշաբթի, 15 Ապրիլ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հասիչէի արուարձանին մէջ գտնուող թրքական ուժերուն ենթակայ «Շուհատա Պատր» կոչուող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները Ռաս ուլ Այնի Թալ Արքոմ գիւղի բնակարանները հրկիզեցին: Աղբիւրը յայտնեց, որ Ռաս ուլ Այնի մէջ առեւանգումի գործողութիւնները բազմացած են, քաղաքին հիւսիսային «Մահաթթա» թաղամասին մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ բժիշկ մը առեւանգած են եւ անոր ազատ արձակման փոխարէն մեծ գումար պահանջած են: Աղբիւրը աւելցուց, որ Ռաս ուլ Այնի Մրեքէզ, Ըմերաթ եւ Մատպաա գիւղերուն մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները թալանած են բնակիչներու գիւղատնտեսական գործիքները եւս: