Greekcitytimes.com կայքը կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է Եգէեան ծովու յունական ծովային տարածքներուն նկատմամբ տարածքային թրքական պահանջներուն մասին գիրք մը: Աղբիւրին համաձայն, գիրքին հեղինակը՝ վերջերս զօրացրուած, թրքական բանակի սպայ Ճիհատ Եաճըն, կը համարուի «իսլամ եղբայրականներ»ու լիպիական կառավարութեան հետ յունական ծովային տարածքներու բռնագրաւման «ճարտարապետը»:
«Յունաստանի Պահանջները», Եգէեան Ծովու Հարցերը. Հարցեր եւ Պատասխաններ» անունով գիրքը լոյս տեսած է Թուրքիոյ պատմութեան, լեզուի, մշակոյթի բարձրագոյն ֆոնտին կողմէ:
Ըստ գիրքի հեղինակին՝ «Յունաստանի աշխարհաքաղաքական անհաւասարկշռութիւնը Եգէեան ծովուն մէջ, պայմանաւորուած է Յունաստանի քաղաքականութեամբ՝ Մեծ գաղափարի լոյսին ներքեւ», իսկ բոլոր հարցերը կը լուծուին միայն այն ատեն, երբ Թուրքիան իր ինքնիշխանութիւնը կը հաստատէ կղզիներուն վրայ:
Մեծ գաղափարը (Megali Idea) կ’ենթադրէ յունական ցեղերուն միաւորմամբ Բիւզանդական կայսրութեան վերականգնումը՝ Կոստանդնուպոլիս մայրաքաղաքով:
Աւելցնենք, որ Եայճըն նաեւ հեղինակած է «Լիպիան Թուրքիոյ Ծովային Դրացին Է» գիրքը, որուն մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ համար Լիպիոյ ռազմավարական նշանակութեան: