«Երկիր».-Նախագահ Բակօ Սահակեան 15 Ապրիլին հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւններուն երկրորդ փուլին յաղթանակ արձանագրած Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:
Բակօ Սահակեան շնորհաւորած է Արայիկ Յարութիւնեանը Արցախի Հանրապետութեան նախագահի բարձր պաշտօնին ընտրուելուն առիթով եւ յաջող ու արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթած է անոր:
Նախագահ Սահակեան վստահութիւն յայտնած է, որ Արայիկ Յարութիւնեանի փորձը, գիտելիքներն ու մարդկային որակը ըստ ամենայնի պիտի ծառայեն երկրի հետագայ զարգացման ու զօրացման, անվտանգութեան ամրապնդման, ժողովուրդի բարեկեցութեան մակարդակի բարձրացման: