Այսօր Նոյնշաբթի ենք, արդէն թուական յիշելը անիմաստ է։ Օրացոյցն ալ պսակաձեւ ժահրով վարակուած է եւ կը փորձէ բուժել ինքզինքը։ Միայն գիտենք, որ մեր Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տոմարին համեմատ այս շաբաթ Աւագ Շաբաթ է, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքի շաբաթը, որուն ընթացքին բնականաբար բոլորս կը հրաժարինք մեր առօրեայ ճոխ յայտագիրներէն, մանաւանդ Աւագ Ուրբաթ օրը:
Մինչեւ հոս նորութիւն մը չկայ ըսածիս մէջ: Նպատակս Աւագ Շաբթուան խորհուրդներուն մասին քարոզներ կարդալը չէ, մեր հայր սուրբերը լի ու լի կը կատարեն այս մէկը, իսկ ես այդ մէկը ընելու ատակ չեմ:
Կրկին կ’ուզեմ լուսարձակի տակ առնել զիս եւ, կարծեմ մեծամասնութիւնը, հետաքրքրող նիւթ մը՝ մեր Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հարուստ շարականները։ Անոնք կը տարբերին աղօթարաններէն կամ ժողովարաններէն ներս երգուած երգերէն։ Այս վերջին երկուքին տարբերութիւնն ալ ի՞նչ է՝ չեմ գիտեր… կ’ենթադրեմ, թէ մէկը աղօթքի, միւսն ալ ժողովի վայր է։
Սիրելինե՛ր, մեր Հայ Առաքելական եկեղեցին 1719-ամեայ եկեղեցի է եւ դարեր շարունակ գոյատեւած է, իր առաքելութիւնը կատարելով անխափան, հասնելով բոլորին՝ հակառակ ժամանակի դաւին… ուրեմն՝ մեր եկեղեցւոյ հայր սուրբերէն մեզի հասած, առանց չափազանցութեան, հազարաւոր շարականները դարերու կեանք ապրած են:
Այսօրուան պայմաններէն մեկնելով, հաւատացեալները կը հետեւին եկեղեցական արարողութիւններուն դիմատետրի ուղիղ եթերով: Կ’ունկնդրենք մեր ադամանդեայ շարականները: Անդին ուշադրութիւնս գրաւեցին աղօթարաններէն ներս կատարուած «գեղարուստական յայտագիրներ»ը՝ սարքուած Քրիստոսի չարչարանքին առիթով։ Որքան մեծ էր անոնց հետեւողներուն թիւը, մեծամասնութիւնը՝ երիտասարդներ:
Ընդունինք, որ մեր եկեղեցին աղքատացած է երիտասարդներէ, բայց անլուծելի հարց չկայ: Այո՛, Զատիկէ-Զատիկ հազիւ կը տեսնենք երիտասարդները եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս: «Ի ցոյց մարդկանց», կ’ըսեն շատեր… եկէք մէկուն մեղքը չառնենք, Աստուա՛ծ գիտէ… ասո՛ր ալ փառք տանք:
Բայց, ո՞ւր է երիտասարդութիւնը: Կա՛մ աղօթարանն է՝ կ’աղօթէ, կամ ալ ժողովարանը «ժողով» ունի: զԱստուած կը փառաբանեն ծափով, երգով ու պարով…
Կը ներէք, եթէ ձեր շարականը երգ անուանեցի։ «Երգ» բառը երեք տառէ կը բաղկանայ, շա՛տ է նոյնիսկ… Վերջերս «Խաչի Մօտ» «երգ»ը անդադար կ’երգեն, վստահ շատերու ծանօթ է, եթէ ոչ՝ անպայմա՛ն լսեցէք, տեսէք թէ որքան ճոխ կը խաչուի իրենց Յիսուսը: Ժամանակակից երաժշտական ոճը օգտագործելը մեր աղօթքներուն մէջ սխալ չէ , բայց ամէն բան իր կարգն ու կանոնը ունի եւ չափաւոր ըլլալը խոհեմութիւն է …
Եթէ անոնցմէ մէկը յանկարծ սխալիս ու եկեղեցի հրաւիրես, քանի մը յայտնի պատրուակներ կը լսես.
-Առաջին՝ «Ես չեմ հասկնար կոր եկեղեցիին մէջ ինչ որ կ’ըսեն կոր»։
 Բարեկա՛մ, դուն տարուան ընթացքին քանի՞ անգամ կու գաս եկեղեցի, որ գոնէ քիչ մը ականջներդ վարժ ըլլան գրաբարին: Կարծեմ թէ մկրտութենէդ ի վեր չես եկած…
-Երկրորդ՝ ««Մեռելոցային» բաներ լսելու, հոս մեր գովը աշխոյժ ծափերով, պարերով, ելեկտրոնային երաժշտական զանազան գործիքներով կը մօտենանք Աստուծոյ»։ 
-Երրորդ՝… աւելի լաւ կ’ըլլայ, որ երրորդը չըսեմ, թէ ոչ զիս ալ պիտի «փառաբանեն»։
Շատեր պիտի ըսեն, թէ եկեղեցին ալ յանցաւոր է, գէթ մասամբ մը… Մեր ժողովուրդին բարի բնաւորութիւնն է՝ մէկը միւսին վրայ յանցանք կը նետէ եւ ինք կը հերոսանայ…
Մենք ինչքա՞ն յարգանք ունինք մեր եկեղեցւոյ եւ անոր կրօնաւորներուն հանդէպ: Քահանայ մը եթէ տեսնենք ճամբան, մեր ուղղութիւնը կը փոխենք, դժբախտաբար: Իրապաշտ ըլլալը այս օրերուն բոլորիս համար ամենաճիշդն է: Քոյր եկեղեցիներու մէջ կը տեսնենք ինչքան յարգանք ունին իրենց կղերականներուն հանդէպ, իսկ մե՞նք… փակենք նիւթը:
Յովիկ Օհանեան