«Չէ… երբեք դիւրին մի՛ կարծեր պատուհանէն նետուիլը, եթէ հարկ ըլլայ ես կը նետեմ քեզ, թող ըսեն ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուն վար նետեց ի՛ր մարզիկը»
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ ֆութպոլի խումբը, դասուելով օրինակելի խումբերու շարքին, առաւել մէկ կէտ ստացաւ ընդհանուր աղիւսակին վրայ, Գ. դասակարգի աւարտական մրցաշարքի վերջին փուլին դեղին եւ կարմիր նուազագոյն քարտեր ստացած ըլլալուն պատճառով, եւ բարձրացաւ Սուրիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգ, ուրկէ նահանջած էր տարի մը առաջ:
Ափսոս որ միասնականութեան բացակայութեան պատճառով ՀՄԸՄ-ի խումբին Հայաստան պատմական այցելութեան յաջորդող մրցաշարքին, խումբը նահանջած էր Գ. Դասակարգ:
1991-92 մարզական տարեշրջանն էր, ՀՄԸՄ-ը հասած էր Գ. Դասակարգի ախոյեանութեան եւ երեք խումբերով պիտի մասնակցէր Դամասկոսի մրցաշարքի վերջին փուլին:
Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար  եօթանասունեօթը անդամներէ՝  վարչականներ, յանձնախումբի անդամներ, մարզիչներ եւ մարզիկներ, բաղկացած  Ա. Բ. Գ. խումբերէ, որոնց արձանագրելիք արդիւնքները իրարու հետ գումարուելով պիտի ապահովէին խումբին ախոյեանութիւնը:
ՀՄԸՄ-ը բաւական ամրակուռ խումբերով  հասած էր աւարտական փուլ, բայց պէտք էր պատրաստ ըլլալ ամէն պատահական դէպքի լաւագոյնս արձագանգելու, օգտուիլ իւրաքանչիւր առիթէ, որ կրնայ յայտնուիլ  այլ խումբերու հետ մրցումի ընթացքին, շօշափելով ընդհանուր իրադարձութիւններու բազկերակը: Այլ խօսքով բաւական դժուար գործ էր եօթանասունեօթը անդամներով դէպի յաղթանակ ուղղուիլը:
Մրցաշարքի առաջին օրն էր, մեր կրտսերներու եւ երիտասարդականի կազմերը փայլուն յաղթանակով դուրս եկած էին առաջին մրցումներէն: Երբ լարուած ջիղերով կը հետեւէինք ներկայացուցչական խումբի մրցումին, մեր յառաջապահ գիծի մարզիկներէն մէկը ծանր հարուած մը ստացաւ հակառակորդ խումբի յետսապահ գիծի խաղացողէն: Դէպքը արժանացաւ իրաւարարի սուլիչով խաղի ընդհատումին: Երբ մեր մարզիկը վեր բարձրացաւ գետնէն, դէմքին վրայ արիւնի հետքեր երեւցան։ Մեր մարզիկը սրամտութիւն մը խորհելով ծունկին արիւնը  քսած էր դէմքին, սակայն այս ճարպիկութիւնը չէր վրիպած իրաւարարին աչքէն ու ան մօտենալով մեր մարզիկին անոր եւս  դեղին քարտ բարձրացնելով ազդարարեց։
Դէպքը սկիզբը անհասկնալի թուեցաւ մեզի: Մեր պահեստի մարզիկներէն մէկը զայրոյթով հայհոյեց իրաւարար կողմին ուշադրութիւնը գրաւելով:
Վրայ հասաւ մեր հանգուցեալ հաւատաւոր պատասխանատուներէն՝ եղբ. Յարութ Քահքէճեանի ուժգին հարուածը հայհոյող մեր մարզիկին։ Իրաւարարը տեսնելով հարուածին ուժգնութիւնը, որուն ձայնը լեցուցած էր ամբողջ դաշտը , կարծես բաւարարուելով ձեռքի դրօշը վար առաւ։ Այս միջոցին որպէս օժանդակ անդամ յայտնուեցայ դէպքին վայրը եւ խնդրայարոյց մարզիկին փաթթուելով բարձրացայ թիւրիպինին անվերջանալի աստիճանները, դուրս գալու դաշտէն  տաքարիւն, ըմբոստ մարզիկին հետ միատեղ:
 Ան հանդարտած էր արդէն:
ևԵղբա՛յր, գիտե՞ս, այդ ապտակը քեզ փրկեց կարմիր ստոյգ քարտ ստանալէ, պէտք է առայժմ մոռնանք ամէն ինչ եւ ուղղուինք պանդոկ,և ըսի եւ ուղեկցեցայ անոր:
Երեկոյեան  յանձնախումբի ժողովին որոշուած էր զրկել յիշեալ մարզիկը խումբին հետ դաշտ ներկայանալէ: Յաջորդ օրը, երբ խումբը դաշտ մեկնեցաւ, ան պայուսակը ձեռքին, զայրացած ներկայացաւ  պատուիրակութեան պատասխանատու եղբօր սենեակը, ուր այդ միջոցին կը պատրաստէի մարզիկներուն հրամցուելիք կերակուրը: Մարզիկը զայրացած առնուած որոշումէն հարց տուաւ, թէ ինչո՛ւ դաշտ պիտի չներկայանայ: Պատասխանատու եղբայրը ամենայն պաղարիւնութեամբ յայտնեց, թէ այսօր իր պարտականութիւնն է եղբօր հետ միասին ճաշ պատրաստել խումբի եղբայրներուն: Այս պատասխանը խելակորոյս դարձուցած էր մարզիկը: Ան իր նայուածքը ուղղեց սենեակի դուռին, նկատելով որ արդէն դրան մէջ եմ: Ապա նայուածքը ուղղեց դէպի պատուհան ու պայուսակը վար նետելով փորձեց նետուիլ, սակայն  յայտնուեցաւ պատասխանատու եղբօր հուժկու բազուկներուն մէջ: Ան քանի մը անգամ զինք ցնցելով խեղդուկ ձայնով մը ըսաւ. «Չէ… երբեք  դիւրին մի՛ կարծեր պատուհանէն նետուիլը , եթէ հարկ ըլլայ ես կը նետեմ քեզ, թող ըսեն, որ  ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուն վար նետեց ի՛ր մարզիկը»: 
Տիրող քար լռութեան մէջ, ան հօր նման գրկախառնուեցաւ իր զաւկին ու համբուրեց ճակատը: Մարզիկը զգացուած լալ սկսաւ, յուզելով նաեւ մեզ: Ապա ան սկսաւ պատմել, թէ ինչպէ՛ս զինուորական ծառայութեան ընթացքին տեսած տառապանքներուն եւ երկարատեւ բանտարկութեան հետեւանքով դարձած էր ըմբոստ ու անհանդուրժող:
Վերջապէս սենեակին մէջ ամէն ինչ փոխուած էր, վայրկեաններ անց մարզիկը լուացուելէ ետք մօտենալով ինծի մասնակից դարձաւ հալէպեան արկատներու պատրաստութեան:
Սիրելի՛ ՀՄԸՄ-ականներ,
Այս վիճակուեցաւ մեզի այդ տարին: Ոչ թէ կէս կէտ, մէկ դեղին քարտ նուազ ստացած ըլլալու հանգամանքով բարձրացանք Բ.ԴԱՍԱԿԱՐԳ: Այդ տարեշրջանին  միասնական ճիգերով հսկայական գործ տարուեցաւ, եզակի եւ առանձնայատուկ դեր ունեցան նաեւ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի Վարչութեան եղբայրները, սակայն իրապէս խղճի պարտք կը սեպեմ արձանագրել, որ այդ յաջողութեան մէջ առիւծի բաժին ունէր հեղինակաւոր անհատականութեան տէր եղբ. Անդրանիկ Լախոյեանը, որ կրցաւ նաւարկել այդ եօթանասունեօթը ՀՄԸՄ-ականներէն բաղկացած նաւը եւ խումբը հասցնել Բ. դասակարգի ափ:
Փառք ու պարծանք մեր դարամեայ երթը շարունակող բոլոր նուիրեալներուն:
Վիգէն Գէորգեան
10 ԱՊՐԻԼ 2020 
ՔԱՆԱՏԱ    
Յատուկ «Գանձասար»ին