Ինծի համար չկար աւելի մեծ ուրախութիւն քան աստղեր դիտելը: Գիշերները անհամբեր կը սպասէի լուսնին ու աստղերուն երեւումին: Ես ունէի ի՛մ աստղը, շատ սովորական, բայց ինծի համար շատ հարազատ: Կ’ըսեն՝ ամէն անձ իր աստղը ունի: Ես ալ ունէի: Անիկա միայն իմս էր: Ամէն գիշեր պատշգամ կ’ելլէի, ու աչքերս  սեւեռած անոր՝  զայն կը դիտէի առանց ձանձրանալու, կամ բաւարարուելու: Շատ կը սիրէի զինք: Թէեւ կար աւելի փայլունն ու սիրունը, բայց իմս ինծի համար կը թուէր ամէնէն սիրունն ու փայլունը:

Երբ ատեն-ատեն սեւ ամպերը կը փակէին աստղս, դարձեալ առանց ձանձրանալու կը սպասէի, թէ ե՛րբ անոնք պիտի հեռանան, որ նորէն տեսնէի զինք:

Այդ աստղը ինծի համար մեծ արժէք ունէր: Ան զիս կը տանէր մտածումներու անսահման աշխարհ: Մտածումներ՝  երբեմն պարզ, երբեմն՝ բարդ:

Զինք շա՜տ կը սիրէի: Քանի՜-քանի՜ գիշերներ լուսցուցած եմ անոր հետ, զայն դիտելով, առանց զգալու ժամանակին անցնիլը:

Օր մը, երկար սպասելէ ետք վերջապէս գիշեր եղաւ, բայց աստղս… չկար: Իմ հարազատ ու ամենասիրելի աստղս չկար ու չկար: Սեւ ամպե՞րը  ծածկեր էին զինք տեսողութենէս: Չուզելով մտածել, թէ  ան այլեւս չկայ,  աչքերս կրկին անգամ կը վերցնեմ երկինք: Օդը պայծառ է, ո՛չ ամպ կայ, ոչ ալ մշուշ, բայց աստղս չկայ:

Արագ կը մտնեմ ներս ու մօրս կ’ըսեմ:

– Մա՛յր, աստղս չկայ: Եկուր տե՛ս, թերեւս դուն կը տեսնես:

Մայրս ժպիտով կ’ըսէ.

–  Կ’երեւի, անոր ժամանակը ալ վերջացած է։

–  Վերջացա՞ծ,ևկը քարանամ զարմանքէս:

Յանկարծ կը զգամ,  թէ շատ թանկագին բան մը կորսնցուցած եմ: Ան ի՛մ աստղն էր: Ամէն գիշեր կը դիտէի զինք, ու ինք՝ զիս: Իսկ հիմա…

Աչքերս կրկին կը վերցնեմ դէպի երկինք. Փայլուն ու սիրուն շատ աստղեր կը պսպղան: Կը փնտռեմ իմինս, բայց ան չկայ այլեւս:

Այն ատեն կը հասկնամ, որ շուրջս հազարաւոր փայլուն աստղեր կան, նոյնիսկ իմինէս աւելի փայլունները, բայց իմս տարբեր էր բոլորէն ինծի՛ համար: Թերեւս իմինս ալ շատերուն համար շատ պարզ աստղ մըն էր, եւ միայն ինծի համար այդպիսին չէր, չէր կրնար ըլլալ…

Անկէ ի վեր դեռ կը փնտռեմ աստղս ու չեմ գտներ:

Արդեօք ի՞նչ եղաւ…

Ինչո՞ւ մարեցաւ. ..

Օր մը կրկին կ’երեւի՞…

Աստղիկ Դանիէլեան
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան
ԺԱ. կարգ