Երկու հազար քսան թուականը իր հետ բերաւ չլսուած համաճարակ մը։ Տարին հազիւ սկսաւ, լսեցինք որ նոր տեսակ ժահր մը տարածուած է շատ երկիրներու մէջ։ Այդ ժահրին անունը Քորոնա է, հայերէնով՝ թագաձեւ ժահր, կամ պսակաձեւ ժահր։ Երբ լսեցինք որ շուտ կը տարածուի՝ շատ վախցանք։ Բայց եթէ մեր ծնողքին խօսքը մտիկ ընենք եւ գործադրենք՝ այս համաճարակը մեզի չի հասնիր։ Պէտք է հետեւինք առողջապահական կանոններուն. պէտք է տուն մնանք, իսկ եթէ դուրս ելլենք՝ պէտք է ձեռնոց դնենք, նաեւ քթակապ, որ ապահով ըլլանք։ Յաճախ մեր ձեռքերը օճառով պէտք է լուանք։ Կ’ըսեն, թէ ժահրով կը վարակուին տկար դիմադրողականութիւն, ծանր հիւանդութիւն ունեցողները եւ նաեւ տարիքոտ անձեր։ Այս վարակին հետեւանքով մենք դպրոց չենք երթար։ Ամէն տեղ դպրոցները փակ են։Ես շատ կարօտցայ դպրոցիս։Կ’ուզեմ, որ բոլոր դպրոցականներս շուտ դպրոց վերադառնանք։ Խօսքս կ’ուզեմ փակել այսպէս.

-Քորոնա՜, Քորոնա՜, մեզմէ հեռո՛ւ մնա,

Դուն քեզ հաւաքէ ու հեռո՜ւ գնա։

Վիգի Ղազարեան
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան
Ժ. կարգ