45 տարի առաջ ներլիբանանեան լարուածութիւնը, պաղեստինցի զինեալ խմբաւորումներու աշխուժացումը, սկիզբը` Քրիստոնեայ ուժեր-պաղեստինցիներ բախումը, ապա արագօրէն վերափոխուած միջկրօնական գունաւորում ունեցող պառակտումը, եւ յետոյ միջհամայնքային դիրքաւորումները, իւրաքանչիւր համայնքի տիրոյթներու ուժային սահմանագծումները եւ վերջապէս` հեռակառավարուող լիբանանեան ներքին պատերազմ մը: Տարբեր ուժերու միջեւ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւններու լիբանանեան թատերաբեմին վրայ բախումները, մերթ ներիսլամական տեսքով, շուտով` դիմադրութեան տարազով իսրայէլեան գրաւման դէմ, իսկ այլ տեղ ներքրիստոնէական անհամաձայնութիւններու դրսեւորումներով, յանգելու համար սուրիական ուժերու դէմ բռնկած պատերազմի:

Տարածաշրջանի  ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն հետեւողը եթէ կարողանայ Լիբանանի տարրալուծարանային մանրապատկերը ճիշդ ուսումնասիրել, կը յաջողի տեսնել իւրաքանչիւր փուլի կերպարանափոխուող պատերազմի բնոյթը` քաղաքացիականէն միջհամայնքային, անկախացմանէն դիմադրական, անցնելով զէնքի եւ բանակի միաւորման, հասնելու համար սուրիական ուժերու հեռացման նպատակով յայտարարուած պատերազմի:

Կը յաջողի մանաւանդ հեռակառավարուող պատերազմի տեսութեան գործնական իրականացման փուլերը ուսումնասիրել կամ աշխարհագրական այլ միջավայրի մէջ տարբեր պետութիւններու քաղաքական առեւտուրները նախապատրաստող զինեալ բախումներուն շարժառիթները վերլուծել:

Բնականաբար,  պատերազմի աւարտէն ետք հակամարտութիւնը ստանար քաղաքական բնոյթ, որ իր դրսեւորումները կ’ունենար երկրի ու պետութեան տարբեր հաստատութիւններուն մէջ` նախագահականէն անցնելով գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւններ: Անհամաձայնութիւնները կ’անդամալուծէին երկիրը, կաթուածահար կը դարձնէին պետական կեանքի ընթացակարգը: Վերջին պատերազմը Լիբանանի դէմ յայտարարուածը` տնտեսական էր տեսքով, եզրաբանական բուն հասկացողութեամբ շրջափակելով երկիրը ֆինանսապէս, պարտադրելու համար  աշխարհաքաղաքական այլ կեդրոններու մէջ ճշդուած պայմաններ:

Առանցքային օրակարգերն էին եւ են.

Առաջին. իրանամէտ ուժի հեռացում, չէզոքացում երկրի պետական-քաղաքական կեանքէն:

Երկրորդ. պաղեստինցի գաղթականական կարգավիճակէն վերջնական բնակեցումի համապատասխան որոշումներ:

Երրորդ. ընդծովեայ ուժանիւթային աղբիւրներու օգտագործման ներլիբանանեան եւ միջազգային համաձայնութիւն եւ առնչակից երկիրներու հետ սահմանազատման վերջնականացում:

Կը նկատուի անմիջապէս, որ օրակարգի երեք կէտերն ալ առնչուած են ուղղակիօրէն Լիբանանի հարաւային թշնամիին հետ: Իրանը գլխաւոր սպառնալիքն է Իսրայէլին: Պաղեստինցիներու վերջնական բնակեցումը այստեղ, կը դիւրացնէ Իսրայէլին իր ներքին վարչակառավարման տարածքներու միակողմանի սահմանագծումները: Երրորդը դարձեալ ուղղակիօրէն կը վերաբերի նոյն երկրին, որ օդայինին ու ցամաքայինին առընթեր կը շարունակէ ծովային սահմաններու նկատմամբ պահանջներ արծարծել եւ այդ ուղղութեամբ  գործողութիւններ իրականացնել:

Հիմա վերադառնանք 45 տարի առաջ ծայր առած բռնկումին, այնտեղ նկատելու համար պաղեստինեան գործօնին աշխուժացումը Լիբանանի մէջ նոյն երկրին համար վտանգ համարուիլը եւ երրորդ երկրի մէջ պատերազմ հրահրելու տեսութեան: Լիբանանը նկատուած էր համաարաբական օրպիթային համաստեղութեան մէջ կարեւոր ենթահող մը, ուր պաղեստինեան զինեալ ուժերու զարգացման դէմ ոչ միայն զսպիչ, այլ նաեւ չէզոքացնող գործողութիւններ կարելի էր կազմակերպել:

Այժմու կացութեամբ երեք օրակարգերու իրականացման անմիջականութիւնը կրնայ կորսնցնել իր ներկայ հրատապութիւնը: Կան վերլուծական միտումներ, որ յետքորոնայական ժամանակաշրջանին փոքր պետութիւնները պիտի ունենան աւելի հնարաւորութիւնը մեծերու ճնշիչ ազդեցութիւններէն դուրս գալու եւ ինքնուրոյն զարգացման ուղիներ գտնելու: Աշխարհաքաղաքական օրակարգեր իրականացնելու  ընթացքները կանգառ պիտի ունենան: Անպայման․ այդ կանգառը կրնայ երկարատեւ ըլլալ:

Լիբանանն ու լիբանանցի ժողովուրդը բոլոր պատճառները ունին ինքնակառավարուելու: Հրամայական մը, որ լիբանանահայ քաղաքական գործօնը, Հայկական երեսփոխանական պլոքը պատերազմի սկզբնաւորութենէն մինչեւ օրերս հետեւողականօրէն կը շարունակէ յայտարարել  եւ բոլորը համոզել, որ միայն համալիբանանեան համախոհութեամբ եւ այլոց հրահրումներուն մէջ չներքաշուելու սկզբունքին կառչածութեամբ կարելի կ’ըլլայ երկիրը դուրս բերել տարիներու իր վիճակէն ու յաղթահարել ներքին եւ արտաքին բոլոր մարտահրաւէրները:

Ճգնաժամային պայմանները այժմ առաւել կը շեշտեն   այս առաջադրանքին բացարձակ իմաստը: Ճգնաժամ, որ այս պարագային  համաշխարհային է եւ կը յուշէ, որ մեծերը երկար ատեն վերականգնողական աշխատանքով պիտի զբաղին: Փոքր պետութիւնները աւելի հնարաւորութիւն ունին ինքնակազմակերպուելու եւ  ինքնակառավարուելու:

«Ազդակ»ի Խմբագրական