«Երկիր».- Ազգային ժողովի «Հայրենիք» խմբակցութեան նիստիհ ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտնած է, որ երկրին մէջ քաղաքական խորհրդատուութիւններու շարք մը պիտի սկսի:
«Այսօր հրաւիրած եմ ԱԺ «Հայրենիք» խմբակցութիւնը նիստի մը, որուն ընթացքին ամփոփած ենք մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքները, համավարակի ստեղծած իրավիճակը եւ նախանշած ենք մեր ընելիքները: Խմբակիցներուս տեղեկացուցած եմ նաեւ, որ վաղուընէ պիտի սկսիմ քաղաքական խորհրդատուութիւններու շարք, եւ այս փուլին մէջ շատ կարեւոր էր անոնց աջակցութիւնն ու համաձայնութիւնը ստանալը», ըսած է Յարութիւնեան:
Արցախի նորընտիր նախագահը հաւաստիացուցած է, որ առաւելագոյնը պիտի ընեն, որպէսզի կարենան ճիշդ իւրացնել ժողովուրդին տուած վստահութիւնը, որ պէտք է ծառայէ միայն ի շահ եւ ի բարօրութիւն Արցախի իւրաքանչիւր քաղաքացիի: