ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Կը Շնորհաւորէ Արայիկ Յարութիւնեանը ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը 16 Ապրիլին հետեւեալ շնորհաւորագիրը յղեց Արցախի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին:

«Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր աշխարհացրիւ միաւորներով ու հազարաւոր անդամներով կը շնորհաւորէ ձեզ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները ստանձնելու առիթով:

«Լիայոյս ենք, որ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի աննկուն ժողովուրդը պիտի արձանագրեն նորանոր նուաճումներ, հաստատելով ընկերային ու տնտեսական արդար համակարգ, սատարելով Արցախ-Սփիւռք համագործակցութեան` յանուն համազգային մեր ընդհանրական շահերուն, Արցախի յաղթանակով նուաճուած խաղաղութեան եւ հայոց արդար դատին ի խնդիր տարուած աշխատանքներուն յաջողութեան:

«Ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իր համահայկական կառոյցով – համայն հայաշխարհի կողքին – կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ մշտապէ՛ս սատար Արցախի պետութեան ու ժողովուրդին:

«Թոյլ տուէ՛ք, պարոն նախագահ, մաղթելու ձեզի ու բոլորի՛ս ուժ, կորով եւ համբերութիւն` լաւագոյն ձեւով յաղթահարելու ներկայ բոլոր դժուարութիւնները եւ յօգուտ մեր ժողովուրդի բարօրութեան` իրականացնելու նորանոր յաջողութիւններ»: