Մարտի սկիզբը, Յունաստան այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ․ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։
Օրին, անդրադարձած էինք կատարուած կարեւոր հանդիպումներուն` Յունաստանի քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ, որոնց մէջ յատկանշական եղաւ ջերմ ընդունելութիւնը՝ Յունաստանի Հանրապետութեան օրուան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսին:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան առիթ ունեցաւ նաեւ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ հանդէս գալու գաղութային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն նեկայութեան եւ սպառիչ կերպով ներկայացնելու ՀՅ Դաշնակցութեան տեսակէտները ազգային, համահայկական եւ հայրենի իրականութեան հետ աղերս ունեցող հարցերու շուրջ։
Պսակաձեւ ժահրին պարտադրած համաշխարհային սահմանափակումներու լոյսին տակ, «Ազատ Օր» ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ ունեցաւ հեռավար հարցազրոյց մը, որ ընթացաւ Հայաստանը, Արցախը եւ հայաշխարհը յուզող օրակարգերուն շուրջ, մասնաւորաբար լուսարձակի տակ առնուեցան ներհայաստանեան ու արցախեան զարգացումները եւ ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը։ Բնականաբար, մեր զրոյցը ընդգրկեց նաեւ Յունաստան այցելութեան արժեւորումը։
Ստորեւ, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հարցազրոյցին ամբողջութիւնը:
 
 
«Ազատ Օր»- Ձեր Հայաստան վերջին այցելութեան ընթացքին, հանդիպում ունեցաք Հայաստանի նախագահին եւ վարչապետին հետ։ Կը խնդրենք, որ մանրամասնութիւններ ներկայացնէք այդ մասին։
 
 
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին հետ պարբերաբար հանդիպում կ՚ունենանք երբ Հայաստան գտնուիմ: Նախագահին հետ խօսակցութիւնը ընդգրկեց Հայ Դատի մեր գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերուն վերջին խորհրդաժողովի արդիւնքները, 2020-ի համահայկական նախաձեռնութիւնները՝ ներառեալ -Սեւրի դաշնագիրին 100-ամեակին յիշատակումը, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական իրավիճակը եւ ազգային օրակարգային հարցերը: ՀՀ վարչապետին հետ քննարկեցինք նաեւ համահայկական ու տարածաշրջանային հարցեր, ներառեալ Արցախի բանակցութիւններու ներկայ փուլը եւ Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւնները: Երկու հանդիպումներն ալ ընթացան փոխադարձ հասկացողութեան մթնոլորտի մէջ:
 
 
Մենք, անկախ իշխանութեան հետ մեր ունեցած ներքաղաքական տարակարծութիւններէն, միշտ զգացած ենք անհրաժեշտութիւնը համահայկական ու Հայ Դատի աշխատանքներուն շուրջ խորհրդակցելու հայրենի իշխանութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչներուն հետ, տեղեկութիւններ փոխանակելու, փոխադարձ գործակցութեան եզրեր գտնելու եւ աշխատանքը համադրելու առընչութեամբ:
 
 
«Ա․Օ․»- Փետրուարի վերջաւորութեան, Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Դատի աշխարհասփիւռ յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը։ Օրին, մեր մամուլը անդրադարձաւ ժողովին մասին, սակայն այժմ կը խնդրենք ունենալ ձեր գնահատականը:
 
 
Յ․Տ․Խ․- Մենք պարբերաբար կը գումարենք Հայ Դատի խորհրդաժողովներ, որոնց ընթացքին ի մի կը բերենք մեր գրասենեակներու ու յանձնախումբերու ներկայացուցիչները: Որոշ տարիներ այդ խորհրդաժողովները կը կատարենք տարածաշրջանային հիմքով, իսկ 2-3 տարին անգամ մըն ալ՝ կեդրոնական մակարդակով, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
 
 
Վերջին տարիներուն, մեր մեծագոյն յաջողութիւնը այն է, որ գրասենեակներու ցանցը ընդարձակուած է եւ համալրուած՝ Հայ Դատի արհեստավարժ յաւելեալ նուիրեալներով, որոնք պատնէշի վրայ են օրը 24 ժամ, շաբաթը 7 օր, տարին 365 օր։ Անոնք էապէս Հայ Դատով կ՚ապ-րին, կը գործեն, կ՚աշխատին որպէս կազմակերպ ու անխոնջ բանակ: Այլեւս, միայն կամաւոր աշխատանքով չենք բաւարարուիր, թէեւ այդ երբեք չ՚ենթադրեր անտեսումը այն հսկայ գործին, զոր կը կատարեն մեր յանձնախումբերու կազմերն ու անոնց շուրջ համախմբուած կամաւոր-ները, աւելի քան երեսուն երկիրներու մէջ:
Այս վերջին խորհրդաժողովին նիստերը տեղի ունեցան թէ՛ Երեւանի եւ թէ Ստեփանակերտի մէջ։
Օրակարգը կ՚ընդգրկէր Հայ Դատի մեր նորօրեայ սահմանումին չորս հիմնական գլուխները։
 
 
Առաջինը՝ մեր իրազեկման -լոպպիինկի- աշխատանքներն են մեր երկու պետութեանց ի նպաստ:
 
 
Հայաստանի պարագային՝ պետութեան հզօրացման օրակարգն է, անոր միջազգային հեղինակութեան ամրապնդումը եւ տարբեր ձեւի օժանդակութիւններ ապահովելը: Արցախի պարագային՝ օժանդակութիւն ապահովելու կողքին, անոր ինքնորոշման իրաւունքի շեշտաւորումն է եւ, ուր որ կարելի է, Արցախի անկախութեան ճանաչման հետապնդումը: Օրինակ մը նշեմ օժանդակութեան հարցով. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մերօրեայ մարտահրաւէրներէն է վերահաստատումը Արցախին ուղղակի օժանդակութեան, զոր Թրամփի վարչակարգը կը փորձէ ջնջել, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի յատկացուելիք Ամերիկայի նպաստը ուղղել դէպի պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարին:
 
 
Երկրորդ հիմնական գլուխը կ՛ընդգրկէ Ցեղասպանութեան ճանաչման, կանխարգիլման եւ դատապարտման աշխատանքները, որոնց վրայ աւելցած է մեր պահանջատիրութեան օրինական բաժինին մասնագիտական ուսումնասիրման հարցը: Այս վերջին նպատակին համար ստեղծեցինք «Armenian Legal Center for Justice and Human Rights» (Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոն) կազմակերպութիւնը, որ Ուաշինկթընի մէջ գրանցուած ըլլալով մէկտեղ, ունի միջազգային տնօրէն խորհուրդ, որ կը բաղկանայ տարբեր երկիրներէ ընդգրկուած մասնագէտներէ եւ ունի երկու հիմնական նպատակներ. առաջին՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման համար օրինական ճանապարհներու որոնումը, իսկ երկրորդ՝ Արցախի հարցով օրինական ճանապարհի ճշդումը, հասնելու համար մեր հիմնական նպատակին:
Երրորդը՝ առհասարակ հայապատկան հողերու վրայ կամ ընդհանրապէս Սփիւռքի մէջ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցն է: Այս բաժինը կը պարփակէ բնականաբար -Ջաւախքի մեր քոյրերուն եւ եղբայներուն մարդկային անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներու խնդիրները, որպէսզի անոնք կառչած մնան իրենց հողին: Այս գլխուն տակ կ՚իյնայ նաեւ թաքուն հայերու հարցը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ այլ փոքրամասնութիւններու հետ յարաբերութիւնը, որպէսզի մեր հողերուն վրայ հայկական ներկայութիւնը քաջալերուի եւ հայակերտումը ամրապնդուի: Հոս կը զետեղուին նաեւ Սփիւռքահայութեան իրաւունքները ըստ միջազգային դաշնագիրներու կամ առանձին երկիրներու օրէնքներու սահմանումներուն. յատուկ ուշադրութեան առարկայ են Միջին Արեւելքի, Թիֆլիսի եւ Պոլսոյ հայութեան պարագաները: Իսկ կարգ մը շրջաններու մէջ կայ հայութեան վերադարձի երեւոյթը, հայակերտման հարցը, զոր կը քաջալերենք ամէնուրեք։
Այսօր, ուրախութեամբ ականատես ենք նոր սերունդներու հայրենասէր ներկայացուցիչներու, որոնց ծնողները հեռացած էին իրենց արմատներէն եւ հիմա իրենք սկսած են վերադառնալ հայութեան:
 
 
Չորրորդ գլուխը՝ երիտասարդութեան ներգրաւման եւ քաղաքականացման հարցն է, որպէսզի անոնք տեղ հասնին տարբեր երկիրներու մէջ, բարձր մակարդակի պաշտօններ ստանձնելով քաղաքական տնտեսական, ֆինանսական, լրատուական կառոյցներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ու կեդրոններու մէջ:
 
 
«Ա․Օ․»- Անցնինք Հայաստանի այսօրուան քաղաքական իրավիճակին. Սահմանադրութեան փոփոխութեան հանրաքուէ, պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքար, քաղաքական շիկացած մթնոլորտ։ Ինչպէ՞ս կը սահմանէք ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքը եւ դիրքորոշումը։
 
 
Յ․Տ․Խ․- Ճիշդ է, որ շիկացած է մթնոլորտը Հայաստանի մէջ: Դժբախտաբար իշխանութիւնը տակաւին կը հետապնդէ բաժանարար գիծեր ստեղծելու քաղաքականութիւն: Կը յամենայ թշնամանքի ու ատելութեան մթնոլորտ, որ առողջ երեւոյթ չէ եւ կը քանդէ համերաշխութեան եւ համախմբուածութեան ամէն հաւանականութիւն: Սահմադրական հանրաքուէն յետաձգուած է պսակաձեւ ժահրին առթած վտանգին պատճառաւ:
 
 
ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութիւնը յստակօրէն բացատրած է, թէ ինչու՛ հակասահմանադրական են այս հանրաքուէի ընթացքը եւ էութիւնը, Սահմանադրական Դատարանի քանի մը դատաւորներէն ձերբազատելու համար պարզապէս … Առաւել, ունինք լուրջ մտահոգութիւն, որ օրէնսդիր եւ գործադիր բոլոր լծակները ունենալով իր ձեռքը, իշխանութիւնը հիմա նաեւ կ՚ուզէ իր ամբողջական հակակշիռին տակ առնել դատական ամբողջ համակարգը, ինչ որ մեզի համար անընդունելի է. ժողովրդավարական երկիրներու մէջ դատական համակարգը ունի իր անկախութիւնը եւ չի գործեր օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութեան ներքեւ:
 
 
Մենք կողմնակից եղած ենք — եւ վարչապետին հետ հանդիպումներուն ալ փոխանցած ենք — դատաիրաւական համակարգին մէջ բարեփոխումներ կատարելու անհրաժեշտութեան, բայց անոնք պէտք է ըլլան հանգրուանային, համախոհական եւ սահմանադրութեան համապատասխան: Մենք կը հաւատանք, որ դժբախտաբար, այս հանրաքուէն անգամ մը եւս պիտի բեւեռացնէ մեր ժողովուրդը եւ սեւերու ու սպիտակներու բաժանարար գիծերը պիտի յայտնաբերէ: Սահմանադրական փոփոխութիւններու խորհրդարանական գործընթացը արդէն սկսած է եւ իշխանութենէն կ՚ակնկալենք, որ ստեղծէ համերաշխ մթնոլորտ, փոփոխութիւններու թղթածրարը մանրամասնօրէն եւ համապարփակ կերպով քննարկելու համար: Մենք անցեալին անդրադարձած էինք այս կապակցութեամբ մեր առաջնահերթութիւններուն, այսինքն երկքաղաքացիներու նկատմամբ բոլոր տեսակի սահմանադրական արգելքներու վերացման, նախագահի իրաւասութիւններու ընդարձակման կամ աւելի ճիշդ վարչապետի եւ նախագահի լիազօրութիւնները հաւասարկշռելու, խորհրդարանական համակարգի ամրապնդման եւ արդարադատութեան մարզի տակաւ անկախացման առընչութեամբ: Առաւել, ընտրական օրէնսգիրքին մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերեալ:
 
 
Բնականաբար, այս հարցերը հիմա սառեցուած են պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարելու առաջնահերթութենէն թելադրուած:
ՀՅԴ Բիւրոն կոչով դիմեց աշխարհասփիւռ հայութեան` համախմբուելու պետութեան շուրջ եւ միասնական ուժերով դիմագրաւելու համար այս մարտահրաւէրը: Մենք կառավարութեան ներկայացուցինք առաջարկներ այս ուղղութեամբ եւ ՀՕՄ-ի ու Հայ Դատի մեր յանձնախումբերու գործակցութեամբ, անմիջապէս ի գործ դրինք օժանդակութեան ծրագիրներ, որոնց մէկ մասը տակաւին ընթացքի մէջ է:
«Ա․Օ․»- Վերջերս Հայաստանի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդէս եկաւ Հ.Հ. երկրորդ նախագահ Ռ. Քոչարեանի խափանման միջոցի փոփոխութեան առաջարկով: Անոր յաջորդած հրապարակային թեր ու դէմ կարծիքները ալեկոծեցին Հայաստանի մամուլն ու ընկերային ցանցերը: Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս ուղղութեամբ:
 
 
Յ․Տ․Խ․- Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական յորդորին մէջ որեւէ արտառոց բան չկայ. Վեհափառը պարզապէս կը յիշէր, որ մեկնած` Հ.Հ. երկրորդ նախագահի առողջական վիճակի ու պսակաձեւ ժահրի առթած մտահոգութենէն, բոլոր կանխարգելիչ միջոցներուն պէտք է դիմել ապահովելու համար նախագահի առողջութիւնն ու անվտանգութիւնը: Հոն որեւէ անդրադարձ չկար դատավարութեան էութեան ու քրէական մեղադրանքներուն մասին: Արդ, իսկապէս անհասկնալի է այն ծաւալած աղմուկը եւ մանաւանդ շղթայազերծուած պայքարը ոչ միայն Վեհափառի անձին, այլեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հանդէպ:
 
 
Անգամ մը եւս կը շեշտենք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ազգային էական կառոյցներէն է, որուն կարեւորութիւնը նշուած է ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ եւ որուն դերը լոկ կրօնական սահմաններէն շատ անդին անցած է մեր պետութեան կորուստի խաւարի դարերուն: Եկեղեցւոյ դէմ ծրագրաւորուած այս յարձակումներն ու անոր դերը դիտումնաւոր կերպով նսեմացնելը հարուածներ են ուղղուած ողջ հայութեան, եւ առ այդ լրիւ դատապարտելի:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ՀՀ երկրորդ նախագահին, ապա կալանքը որպէս խափանման միջոց ընտրելու եւ ձգձգուող դատավարութեան հետ կապուած մեր յստակ դիրքորոշումն ու մտահոգութիւնները վաղուց յայտնած ենք։ Աշխարհը պատուհասած այս համավարակի պայմաններուն մէջ, այսօր առաւել եւս անընդունելի կը նկատենք առողջական խնդիրներ ունեցող եւ վտանգուած տարիքային խումբի մէջ գտնուող ՀՀ երկրորդ նախագահին նկատմամբ ազատազրկման ծայրայեղ միջոցներ կիրառելը։ Արդարադատութեան իրականացումը կարելի չէ ընտրովի ընել, ան պետք չէ հակասէ իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքներուն:
 
 
«Ա․Օ․»- Այժմ, խօսինք Արցախի զոյգ ընտրութիւններուն եւ բնականաբար՝ ՀՅ Դաշնակցութեան մասնակցութեան մասին։
Յ․Տ․Խ․- Արցախի ընտրութիւններու առաջին փուլը յատկանշուեցաւ աշխուժ մասնակցութեամբ եւ բարդ ու խճողուած խճանկարով:
Առաջին անգամն է, որքան կը յիշեմ, որ ունեցանք 14 նախագահական թեկնածուներ եւ 12 կուսակցութիւններ ու դաշինքներ: Յամենայնդէպս, մեր յորդորն էր, որ ընտրութիւնները ընթանան արդար, հաւասար ու թափանցիկ պայմաններու մէջ: Թէեւ ի սկզբանէ մտահոգ էինք, որ արդէն աւելի քան տարիէ մը ի վեր կարգ մը ուժեր ձեռնարկած էին անպաշտօն ընտրարշաւի, ամէն տեսակի լծակներու օգտագործումով: Անհրաժեշտ էր նաեւ ապահովել պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող Արցախի կայունութիւնը եւ ցոյց տալ աշխարհին, որ Արցախը կայացած պետութիւն է եւ ժողովրդավարութեան բարձր մակարդակով կրնայ ընտրել իր քաղաքական ներկայացուցիչները:
Մենք ներկայացանք մեր նախագահական թեկնածուով, յանձին՝ ընկ. Դաւիթ Իշխանեանի, եւ ԱԺ-ի համար որակաւոր ցանկով՝ կազմուած ընկերներ-ընկերուհիներէ ու համակիրներէ: Մեր մրցակիցներուն իսկ հաստատումով, ունեցանք ամէնէն որակաւոր եւ իրապաշտ ընտրական ծրագիրը:
Առաջին փուլի ընթացքին ի յայտ եկան որոշ խախտումներ եւ յստակացաւ, որ կարգ մը ուժեր, մանաւանդ մեծագոյն տոկոս ստացած դաշինքը, պետական լծակներու ամբողջական օգտագործումով եւ շռայլ խոստումներով են առաւելագոյն քուէները ապահոված: Դաշնակցութեան քուէները նախկին ընտրութեան համեմատ անկում կրեցին ու ՀՅԴ-ն նոր խորհրդարանին մէջ ունեցաւ 3 աթոռ:
 
 
Երկրորդ փուլի արդիւնքը արդէն կանխորոշուած էր նախագահական թեկնածուներու քուէներու մեծ տարբերութեան եւ երկրորդ բարձրագոյն քուէ հաւաքած թեկնածուին այդ փուլին չմասնակցելու կոչին հետեւանքով:
Ինչպէս միշտ, եւ անկախաբար ընտրական արդիւնքէն, Դաշնակցութիւնը անպայման պիտի ունենայ իր կարեւոր դերը Արցախի քաղաքական կեանքին մէջ եւ պիտի շարունակէ պաշտպանել Արցախի իրաւունքները աշխարհով մէկ: Անշուշտ, մեր նպատակը Արցախի անկախութեան իրաւական ամրագրումն է, որպէս միջանկեալ լուծում, եւ վերջ ի վերջոյ անոր միացումը Հայաստանին:
«Ա․Օ․»2020 թուականը կը յատկանշուի նշանակալից պատմական իրադարձութիւններու ոգեկոչումներով։ Կրնա՞ք աւելի մանրամասնել ՀՅ Դաշնակցութեան ծրագրած նախաձեռնութիւնները։
Յ․Տ․Խ․- 2019-ն մեզի համար բաւական բեղմնաւոր տարի եղաւ, որովհետեւ քանի մը մեծ նախաձեռնութիւններ ունեցանք:
Բիւրոյի նոր կազմի ընտրութենէն անմիջապէս ետք, տարին սկսանք Արցախի համար ռազմական դաշինքի ուղղութեամբ հայկական ուժերու համախմբում ստեղծելով եւ համաժողով գումարելով։ Նոյն ուղղութեամբ եւ այս անգամ աւելի քան 150 օտար քաղաքական դէմքերու, ակադեմիկոսներու եւ լրագրողներու մասնակցութեամբ գումարեցինք Արցախի Բարեկամներու խորհրդաժողովը՝ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հետ:
Մեր ոչ-հայ բարեկամները կրցանք հաւաքել Արցախի մէջ, հակառակ Ատրպէյճանի այն սպառնալիքներուն, թէ անոնց անունները կ՚արձանագրուին իր «սեւ ցանկ»ին վրայ: Այս բոլոր անձնաւորութիւնները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Եւրոպայի այլազան երկիրներէ եւ Միջին Արեւելքէն, շեշտեցին Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ սա իսկապէս մեծ յաջողութիւն էր:
Հայաստանի պարագային, մեր կազմակերպութիւնը Ապրիլին գումարեց իր Գերագոյն ժողովը եւ ընտրեց նոր մարմին: Կազմակերպեցինք զանազան շրջանային հանդիպումներ, խորհրդաժողովներ՝ մեր քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ուղղութիւնները ճշդելու համար: Հանդիպումներ ունեցանք ՀՀ իշխանութեան այլազան օղակներուն հետ: Ծրագրուեցան նաեւ -Ջաւախքի մեր հայրենակիցներուն իրաւունքներու հետապնդման եւ առհասարակ օժանդակութեան նոր ուղիներ:
Իսկ Սփիւռքի մէջ նոր աւիշ, նոր եռանդ բերելու նպատակով սկիզբը դրինք նոր գործընթացի մը. յատուկ ուշադրութիւն ընծայեցինք Սուրիոյ պատերազմին ու Լիբանանի տնտեսական տագնապին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին ու մեր ընելիքներուն: Եւ անդրադարձանք, որ մեր ժողովուրդը մեծապէս նեցուկ կանգնեցաւ մեզի՝ Նոյեմբերին ձեռնարկուած Հայ դատի աշխատանքներու Պրիւքսէլի հանգանակութեան, որ ինքնին գօտեպնդիչ երեւոյթ էր:
 
 
Եւ 2020 թուականը սկսանք մեծ եռանդով ու ծրագիրներով:
 
 
2020ի Փետրուարին, մենք ունեցանք Հայ Դատի խորհրդաժողովը, որ շարունակութիւնն էր 2019-ի Արցախի համար կայացած երկու նախաձեռնութիւններուն: Նոյն օրերուն, Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան հետ ունեցանք համադրական ժողով:
Մարտին, պսակաձեւ ժահրին համաճարակը խանգարեց մեր գարնանային եւ ամառնային ծրագիրները. այսպիսով՝ Ապրիլին ծրագրուած Ցեղասպանութեան ցոյցերն ու քայլարշաւները, մեր ուղեկից միութիւններու եւ յարակից կառոյցներու հետ ժողովը Հայաստանի մէջ, Մայիսին ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի մահուան 115-ամեակի յիշատակումը Պուլկարիոյ մէջ, Եւրոպայի երիտասարդութեան համագումարը, Պատանեկան միութիւններու խորհրդաժողովը Լիբանանի մէջ, Սփիւռքի հարցերու համաժողովը եւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ կայանալիք ամառնային բանակումները ջնջուեցան կամ յետաձգուեցան:
 
 
Կը յուսանք, որ աշնան պիտի կարողանանք յատուկ կերպով նշել Սեւրի Դաշնագիրին 100-ամեակը եւ զայն իրագործել Սեպտեմբերին Սեւրի մէջ, իսկ նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի 100-ամեակը Նոյեմբերին՝ Ուաշինկթընի մէջ:
Իսկ այս տարի, բոլոր շրջանները պիտի տօնեն Հ.Յ.Դ. հիմնադրութեան 130-ամեակը, բայց գլխաւոր ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ՝ Նոյեմբերի սկիզբը։ Երեւանի մէջ, միաժամանակ պիտի ունենանք մեր ներկայացուցիչներու ժողովը, զոր կը գումարենք տարին անգամ մը:
 
 
«Ա․Օ․»- Յունաստան ձեր Մարտի այցելութեան ընթացքին ունեցաք շարք մը քաղաքական եւ ներգաղութային հանդիպումներ։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ տեսակցութիւնները։
 
 
Յ․Տ․Խ․- Մեծապէս կը գնահատեմ Յունաստանի մեր պատասխանատու ընկերներու եւ համակիրներու ծրագրային աշխատանքը, զոր տարած էին ժամանումէս առաջ: Թէ՛ ներքին կազմակերպական իմաստով, թէ՛ քաղաքական իմաստով նախաձեռնութիւնները իսկապէս տպաւորիչ էին եւ չորս օրերու կարճ ընթացքին, բծախնդրօրէն իրագործուեցան: Տեղի ունեցան բարձր մակարդակի քաղաքական յարաբերութիւններ, որոնց արդէն անդրադարձած էք «Ազատ Օր»ին մէջ։
 
Ուրախ եմ, որ կրցայ հանդիպումներ ունենալ Առաջնորդին, Ազգային Իշխանութեան, համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ ուղեկից կառոյցներուն, կուսակցական շարքերուն եւ երիտասարդութեան հետ։ Ինծի համար գօտեպնդիչ էր տեսնելը, որ յունահայութիւնը կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ, երիտասարդութիւնը գործունեայ է, իսկ կուսակցական, ազգային ու միութենական ղեկավարութիւնը աշխուժ է ու ամբողջովին նուիրուած՝ իր ժողովուրդին, հայրենիքին ու դատին:
Վարձքերնիդ կատար: